Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Յայտարարեց Ժամալիի Յաղթանակը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Ներքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Մուսթաքպալ շարժումի թեկնածու Տիմա Ժամալի յաղթած է Կիրակի օր Թրիփոլիի մէջ կայացած ընտրութիւններուն` աւելի քան երկու երրորդով:

Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով, Ժամալի ստացած է 19,387 ձայն, որ կը համարուի քուէներուն 68 տոկոսը: Յաջորդ թեկնածուն՝ Եահիա Մաուլուտ ստացած է 3,295 ձայն, իսկ նախկին պատգամաւոր Միսպահ Ահտապ՝ 2,590։

Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով, 241,534 ընտրողներէն քուէարկութեան մասնակցած են 32,963-ը:

Ժամալիի յաղթանակը անակնկալ չէր՝ նկատի առնելով, որ ան առաջադրուած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ եւ հաւանութեան արժանացած էր Թրիփոլիի մէջ գտնուող քաղաքական այլ ուժերու կողմէն։

Ժամալի խորհրդարան կը վերադառնայ Սահմանադրական խորհուրդի բողոքարկման հետեւանքով պաշտօնազրկուելէն երկու ամիս անց։ Անիկա միակ յաջող մարտահրաւէրն է 2018 Մայիսի ազգային ընտրութիւններու արդիւնքներուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին