«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ներքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Մուսթաքպալ շարժումի թեկնածու Տիմա Ժամալի յաղթած է Կիրակի օր Թրիփոլիի մէջ կայացած ընտրութիւններուն` աւելի քան երկու երրորդով:
Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով, Ժամալի ստացած է 19,387 ձայն, որ կը համարուի քուէներուն 68 տոկոսը: Յաջորդ թեկնածուն՝ Եահիա Մաուլուտ ստացած է 3,295 ձայն, իսկ նախկին պատգամաւոր Միսպահ Ահտապ՝ 2,590։
Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով, 241,534 ընտրողներէն քուէարկութեան մասնակցած են 32,963-ը:
Ժամալիի յաղթանակը անակնկալ չէր՝ նկատի առնելով, որ ան առաջադրուած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ եւ հաւանութեան արժանացած էր Թրիփոլիի մէջ գտնուող քաղաքական այլ ուժերու կողմէն։
Ժամալի խորհրդարան կը վերադառնայ Սահմանադրական խորհուրդի բողոքարկման հետեւանքով պաշտօնազրկուելէն երկու ամիս անց։ Անիկա միակ յաջող մարտահրաւէրն է 2018 Մայիսի ազգային ընտրութիւններու արդիւնքներուն: