«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՍԵԴՐԱԿԻ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ Սուսաննա Սեդրակի Խաչատրեան (ծն. Ապրիլ 13, 1909, Երեւան – անյայտ), հայ խաղողագործ, կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր (1965)։ Աւարտած է Երեւանի համալսարանի գիւղատնտեսութեան բաժանմունքը (1930)։ 1938-1949 թուականներուն աշխատած է ՀԽՍՀ ԳԱ բոյսերու ծինային, 1949 թուականէն՝ խաղողագործութեան, գինեգործութեան եւ պտղաբուծութեան ԳՀԻ-ներէն ներս։ Գիտական աշխատանքները նուիրուած են խաղողի ծինաբանութեան եւ ընտրանիյի հարցերուն։ Խաչատրեան (Ս. Հ. Պօղոսեանի հետ) ստեղծած է վաղահաս խաղողի 14 (Գուգարաց, Արթենիկ, Ուրարտու, Անուշ, Մուսկատ Սուսաննա, Ախթամար եւ այլն) եւ սեղանի ու գինիի խաղողի 27 տեսակներ, որոնցմէ 9-ը շրջանառուած են եւ ներդրուած արտադրութեան մէջ։ Արժէքաւոր են Խաչատրեանի աշխատանքները նաեւ սեղանի խաղողի միջահաս եւ ուշահաս, խոշորապտուղ, փոխադրունակ տեսակներու ստացման բնագաւառէններս։