Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Մասնագէտներու Եւ Համալսարանականներու Հանդիպումը Վերի Կարգի Աշակերտութեան Հետ (լուսանկարներ)

Հ.Բ.Ը. Միութեան Վարժարաններ

Հինգշաբթի, 4 Ապրիլը յատկանշական օր մըն էր Հ.Բ.Ը. Միութեան վարժարաններու վերի կարգի դասարաններու (10, 11 և 12) աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն համար:

Այդ օր, նախաձեռնութեամբ տնօրէնութեան ու համագործակցութեամբ Հ.Ե.Ը.-ի համալսարանականներու համախմբումի վարչութեան, կազմակերպուած էր կրթական-ուսումնական գործնական հանդիպում-զրոյց, աշակերտութեան եւ տարբեր ճիւղերու մասնագէտներու եւ համալսարանականներու միջեւ, որպէսզի առաջինները, իրենց համալսարանական ընտրանքներուն կամ նախասիրութիւններուն մէջ, երկրորդներուն հետ, հարց ու պատասխանի գծով, իրենց հետաքրքրութիւններուն ու ծրագիրներուն մասին խորհրդակցին, անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ ուղղութիւններ առնելով:

Կրթական Յանձնախումբէն ներկայ էին՝ ատենապետուհի Տիկ. Արտա Եանըքեան, անդամներ՝ Տիկ. Սինթիա Մենտիլեան, Մայք Կիրիթլեան, Տնօրէնութեան կազմ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ Հ.Ե.Ը.ական վարչականներ:

Շուրջ վաթսուն համալսարանական դասախօսներ, մասնագէտներ ու համալսարանականներ ընդառաջած էին այս հաւաքին, աշակերտութեան եւ ծնողներու խանդավառ մասնակցութեամբ, որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնէին, նախ՝ կրթական պատասխանատուներու հոգատարութիւնը աշակերտութեան նկատմամբ, ապա, աշակերտներու ապագայի մասնագիտութեան գծով, ճիշտ ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւնը:

Հայերէնով բացումը կատարեց՝ Տնօրէն Պրն. Վասիլեան, որ այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը շեշտեց, ընդգծելով անոր օգտակարութիւնը՝ հաւատացնելով, որ ասիկա լաւագոյն առիթը կ’ընծայէ աշակերտութեան ճիշդ կազմակերպուելու իր ընտրութեան մէջ, իսկ համալսարանականներու ատենապետը՝ Սեւակ Հաճէքեան, ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց իր կրտսեր սերնդակիցներու ուսումնառութեան յաջողութեան:

Շուրջ յիսուն մասնագէտ-համալսարանականներ, հայ թէ օտար, մեր թէ այլ դպրոցներէ շրջանաւարտներ, սրահը վերածած էին եռուն հաւաքավայրի մը, ուր կրթական մթնոլորտը բացայայտօրէն կը տիրէր, միտքերու, խորհրդակցութիւններու, զրուցավարութիւններու, գաղափարներու, առաջարկներու, խորհուրդներու ու թելադրութիւններու ամբողջական թղթածրարով:

Գոհունակ տրամադրութիւն կը տիրէր բոլորին մօտ:  Բոլորն ալ լիացած էին ընթացքէն եւ արդիւնքներէն:  Բոլորը շնորհակալ էին պատասխանատուներէն, խնդրելով այսօրինակ ձեռնարկներ յաճախ կրկնել, որովհետեւ ատոնց մէջ կը տեսնեն համատարած ու փոխադարձ շահեր, աշակերտութեան ու դպրոցին համար:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին