Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՃՈՒԶԵՓՓԷ ԹԱՐԹԻՆԻ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ճուզեփփէ Թարթինի (8 Ապրիլ 1692, Փիրան, (այժմ՝ Սլովենիա) – 26 Փետրուար 1770, Փատու, Իտալիա) իտալացի ջութակահար եւ երաժշտահան։

Ծնած է 1692-ի Ապրիլ 8-ին Փիրան։ Աշխատած է տարբեր նուագախումբերու մէջ, ինչպէս նաեւ ղեկավարած է Փատուի Սուրբ-Անթուան եկեղեցւոյ նուագախումբը։ Այս կարգավիճակը Թարթինիին հնարաւորութիւն տուած է շրջագայելու։ Այս նոյն քաղաքին մէջ ան կը հիմնէ երաժշտական դպրոց, ուր նաեւ կը դասաւանդէ Փիետրօ Նարտինիին: Թարթինին գրած է տարբեր քննադատական յօդուածներ եւ միջոցներ ուսուցանումի համար։ Թարթինիի նուագը աչքի կը զարնէր երգեցիկ հնչիւններով եւ աղեղային աներեւակայելի շարժումներով։ Ան աշխատած է Անթոնիօ Վիվալտիի եւ Արկանճելօ Քորելլիի հետ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին