«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը 44 երեսփոխաններ անձեռնմխելիութենէ զրկելու նպատակով՝ դիմում կատարած է խորհրդարանին:
Յատկանշական է, որ դիմումը ուղարկուած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարաման մարմիններու ընտրութիւններէն միայն մէկ օր առաջ:
44 դիմումներէն 39ը կը վերաբերին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւորներուն, որոնց մէջ են նաեւ Տիգրանակերտէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւ կուսակցութեան համանախագահներ Սեզայի Թեմելլի եւ Փերվին Պուլտան:
Յիշեցնենք, որ Փայլանի դէմ Անգարայի եւ Տիգրանակերտի դատախազութիւններուն ներկայացուած են երկու այլ հետաքննութիւններ՝ անոր անձեռնմխելիութիւնը խլելու համար։
5 այլ դիմումները կը վերաբերին գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն պատգամաւորներու, ներառեալ կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուին։