«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ֆէյսպուքով յայտնած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր վերջին հանդիպումէն ետք «պէտք չէ յաղթողներ եւ պարտուողներ փնտռել»:
«Կարեւոր է` հանդիպումէն ետք հնչող մեկնաբանութիւններուն մէջ 100 տոկոսով հաւատարիմ մնալ ճշմարտութեան եւ բանակցային տրամաբանութեան ոգիին»,- ըսած է Փաշինեան ուղիղ եթերով` անդրադառնալով Պաքուէն հնչող մեկնաբանութիւններուն:
Վարչապետին խօսքով` վերջին օրերուն ատրպէյճանական կողմը հանդէս կու գայ յայտարարութիւններով, որոնք դուրս են համատեղ յայտարարութեան շրջանակէն:
Ըստ Փաշինեանի` «Ճիշդ չէ, երբ ատրպէյճանական կողմը կ՛ըսէ, թէ կարեւոր է այն, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը մնացած է անփոփոխ»:
«Վիեննայի մէջ քննարկուած է Ղարաբաղի մասնակցութեան հարցը եւ մենք լրջօրէն պնդած ենք այդ հարցը: Արդեօք այս հարցի վերաբերեալ կողմերը եկա՞ծ են համաձայնութեան: Ի հարկէ, ո՛չ: Այդ թեմայի շուրջ մենք քննարկումները պէտք է շարունակենք»,- յայտնած է վարչապետը:
Ան նշած է, որ 1998 թուականէն բանակցային գործընթացին մէջ Ղարաբաղը փաստացի ներգրաւուած եղած է, որովհետեւ Հայաստանը ներկայացուցած են մարդիկ, որոնք եղած են Ղարաբաղի ղեկավարները:
«Մենք փաստած ենք, որ ես Ղարաբաղէն չեմ, եւ Ղարաբաղը հիմա դուրս մնացած է բանակցային գործընթացէն»,- աւելցուցած է Նիկոլ Փաշինեան: