Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԻՀՄԱԼԵԱՆ ԺԱԳ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իհմալեան Ժագ, 30 Յունիս 1922, Կ. Պոլիս – 1 Ապրիլ 1978, Մոսկուա), հայ նկարիչ:

Ծնած է Կ. Պոլիս 1922-ին: Յաճախած է ֆրանսական վարժարան եւ կերպարուեստի ակադեմիոյ նկարչական վարժարանը։

Աշխատակցած է «Նոր Օր»-ին՝ բանաստեղծութիւններով եւ նկարազարդած է «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսը։ Նմանապէս նկարազարդած է Պէյրութի «Գիրք գրականութեան եւ արուեստի» պարբերաթերթը: Իբրեւ խմբագիր՝ պաշտօնավարած է Մոսկուայի ռատիոկայանի թրքական բաժինը։ Դասաւանդած է Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Մխիթարեան վարժարանները։ Թրքերէնի դասախօս նշանակուած է Մոսկուայի Լոմոնոսով համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժնին մէջ։
Իհմալեան նկարած է գերազանցապէս արեւելեան տիպեր եւ բնական տեսարաններ՝ Լիբանանէն, Թուրքիայէն, Սուրիայէն։ Զբաղած է կահոյքի գեղանկարչութեամբ, ձեւաւորած է մանկական սենեակներ:
Աստանդական կեանք մը վարած է: 1944 թուականին համայնավարական հայեացքներուն, քաղաքական գործունէութեան համար հալածուած եւ բանտարկուած է, ապա տարագրուած:
Իհմալեանի վերջնական կայքը եղած է Մոսկուան, ուր ստանձնած է ռատիոկայանի թրքերէն բաժնի խմբագրութիւնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին