«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վիեննայի մէջ հանդիպում ունեցած է Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցի հետ: Առանձնազրոյցի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, մասնաւորապէս Նիկոլ Փաշինեան եւ Սեպասթիան Քուրցը կարեւորած են հայ-աւստրիական յարաբերութիւններու զարգացումը տարբեր ուղղութիւններով, այդ կարգին` քաղաքական եւ տնտեսական: Զրուցակիցները անհրաժեշտ համարած են, որ երկու երկիրներու կառավարութիւնները շարունակեն հետագայ աշխոյժ երկխօսութիւնը` նոր թափ հաղորդելու յատկապէս տնտեսական գործակցութեան, առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճին:
Սեպասթիան Քուրցը ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական զարգացումները եւ նշած, որ իր երկրի կառավարութիւնը պատրաստ է անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ցուցաբերելու Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգը արդիւնաւէտօրէն յառաջ մղելու նպատակով: Այդ առումով, կողմերը կարեւորած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ծիրէն ներս նախատեսուող ծրագիրներու իրականացումը եւ ԵՄ անդամ պետութիւններուն կողմէ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ այդ համաձայնագրի վաւերացումը:
Հանդիպումին կողմերը անդրադարձած են նաեւ Վիեննայի մէջ ՀՀ վարչապետի եւ Ազրպէյճանի նախագահի հանդիպումին: