«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Զարեհ Մելքոնեան (15 Օգոստոս 1922, Հալէպ – 30 Մարտ 2012 Ֆրիմոնթ, Գալիֆորնիա), բանաստեղծ, թատերագիր, հրապարակագիր, հրապարակախօս։
Ծնած է Հալէպ: Ուսանած է Հայկական Ազգ. նախակրթարանը, Մխիթարեան վարժարանը եւ Լիսէ Ֆրանսէն։ 1945-ին շրջանաւարտ եղած է Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութենէն։
Պէյրութի մէջ աւարտած է Ամերիկեան համալսարանը՝ անգլիական գրականութեան մէջ պսակաւոր արուեստից տիտղոսով եւ մանկավարժութեան ճիւղը՝ մագիստրոս արուեստից տիտղոսով:
Ուսուցչութեան ասպարէզի կը նուիրուի եւ հայերէն լեզու ու գրականութիւն կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի Յովանիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարանները։ Իսկ 1964-1968 տնօրէնութեան պաշտօն կը վարէ Դարուհի Յակոբեան վարժարանին մէջ մինչեւ Տիթրոյթ հաստատուիլը 1968-ին։ Միջոց մը կը վարէ Ալեք Մանուկեան մշակութային հիմնադրամի քարտուղարութեան պաշտօնը։
Պէյրութի մէջ 8 տարի խմբագրած է «Շիրակ» գրական ամսագիրը։ Աշխատակցած է Պէյրութի «Զարթօնք»-ին, Գահիրէի «Արեւ»-ին, Պոսթոնի «Պայքար»-ին, Լոս Անճելըսի «Նոր օր»-ին եւ այլ թերթերու՝ մանկավարժական, գրադատական, յուշագրական յօդուածներով: