«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երեւանի մէջ, Հիւսիսային պողոտայի կեդրոնը, Մարտ 28-ին, հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հրապարակի բացման արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան նշեց, որ Եւրոպայի խորհուրդի հիմնադրման 70-ամեակին ընդառաջ՝ խորհրդանշական է «Եւրոպայի հրապարակ»ի անուանակոչումը: «Անկախութենէն ետք, վերջին 28-տարիներուն ընթացքին, Հայաստանը, նուիրուած ըլլալով համաեւրոպական արժէքներուն, կը շարունակէ կառուցել եւրոպական ուղղութեամբ իր համագործակցութիւնը: Իր գոյութեան 70-տարիներուն ընթացքին՝ Եւրոպայի խորհուրդը իրապէս յաջողութեամբ կրած է եւրոպական արժեհամակարգի հանդէպ պատասխանատւութեան իր կոչումը եւ կը շարունակէ ծաւալել իր մարդակեդրոն գործունէութիւնը»,- նշեց Ալեն Սիմոնեան:
Երեւանի մէջ գտնուող՝ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Լիլիան Մորի Բասգիէն շեշտեց, որ Եւրոպան զուտ աշխարհագրական հասկացութիւն չէ, այլ աւելին, երեւոյթ՝ որ իր շուրջ համախմբած է տարբեր լեզուներով խօսող, բայց նոյն գաղափարներու տէր մարդոց:
««Եւրոպայի հրապարակ»ը յիշեցումն է անոր, որ Եւրոպան ոչ թէ վերացական երեւոյթ է, այլ՝ համակարգ, որ կը ներառէ մեր բոլորի ազատութիւնները եւ իրաւունքները»,- ըսաւ Լիլիան Մորի Բասգիէն:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, որ «Եւրոպայի հրապարակ»ի վկայագիր յանձնեց ԵԽԽՎ նախագահին՝ ազդարարելով հրապարակին բացումը: