Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԵԼԻՔԵԱՆԻ «ՔԱՇԱԹԱՂԻ ԲԱԶՄԱԶԱՒԱԿ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ»

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հողը, հայրենի հողը, սրբացուած է դարերով՝ անոր մէջ թափուած արիւնով ու արցունքով։ Սերունդներ իրենց բազուկներով եւ ատամներով պաշտպանած են զայն, որովհետեւ մարդը առանց հայրենի հողի, իսկ վերջինս առանց իր զաւակներուն կը դառնայ խոպան, կը խորթանայ, կը մաշի ու կը հալի կ՚երթայ։

            Այս գիտակցութեամբ է որ վերջին տասնամեակներուն հազարաւոր հայորդիներ իրենց ի վերուստ տրուած ամէնէն թանկագին նուէրը՝ կեանքը տուին անոր պաշտպանութեան համար։

            Հայրենի մտաւորական, արեւելագէտ եւ մեծ հայրենասէր Փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեան ականատես եղաւ հայորդիներու սխրանքներուն ու նահատակութեան։ Ան ջուրի ճանապարհ ըրաւ Երեւան-Արցախ, յատկապէս Քաշաթաղը Հայաստանին կապող երթուղին։ Ան կը հաւատայ թէ մարդն է երկիրը ապրեցնողը, շունչ տուողը, ուրեմն մարդը պէտք է պահել ԻՐ ՀՈՂԻՆ վրայ։

            Այս վեհ նպատակին ծառայելու համար 1996-ին Գուրգէն Մելիքեան կը հիմնէ ՔԱՇԱԹԱՂԻ (Լեռն. Ղարաբաղ) ԲԱԶՄԱԶԱՒԱԿ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ-ը, որուն ծրագրին մաս կը կազմեն ծառատնկումները, հնագիտական պեղումները, հրատարակութիւններու սատար կենալը, օգնութիւններ հայ ընտանիքներուն, կրթաթոշակի յատկացումները ուսանողներուն եւ «կովերու ծրագիրը»։

            Վերջերս կրկին անգամ Տիար Գուրգէն Մելիքեան կը գտնուէր Լոս Անճելըսի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական հիւրասիրութիւն մը Կլենտէյլի «Սիփան» շքեղ սրահին մէջ՝ ի ներկայութեան եւ ի պատիւ հիմնադրամին սակար կանգնող անդամներու։

            Յայտագրին ընթացքին ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսաերիզ մը՝ անցնող շրջանին կատարուած աշխատանքներուն մասին։ Հիմնադրամին շնորհիւ բազմազաւակ ընտանիքներ ստացած են կովեր՝ իրենց սնունդին ապահովման եւ որոշ եկամուտ մըն ալ ապահովելու նպատակով։ Վերջինիս շնորհիւ հարիւրաւոր ընտանիքներ ԿԸ ՄՆԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԻՆ ՎՐԱՅ, կը մշակեն զայն ու հարկ եղած պարագային ալ զէնքով կը պաշտպանեն ազատագրուած տարածքները։

            Խօսելով ծառատնկումներու մասին, Տիար Գ. Մելիքեան նշեց պուրակներու ռազմագիտական կարեւորութիւնը, այլեւ աւելցուց, թէ պուրակները կը յաւերժացնեն անունները Ղարաբաղի համար սխրագործութիւններ կատարած հայ նահատակ զինուորներու։ Հետաքրքրական է հոս յիշել թէ՝ ծառերու մէկ կարեւոր տոկոսը կը կազմեն ընկուզենիները, որոնք եկամուտ կը բերեն հայ ընտանիքներու եւ Հիմնադրամին։

            Այս պուրակները ապագային ընդարձակուելով պիտի դառնան անտառներ եւ իւրաքանչիւն ծառ «պիտի բանայ իր բազուկներն ու հոգին… անոր պիտի գան փաթթըուիլ սիրողները գիւղին…» (Լեւոն Զ. Սիւրմէլեան, «Ասացուածք ծառ տնկելու առթիւ»)։

            Գուրգէն Մելիքեան անխոնջ ու անհանգիստ հայրենասէր մըն է։ Ան 1960-ականներուն Իրանէն ընտանեօք ներգաղթած է հայրենիք։ Պարսկերէնի ու պարսկական գրականութեան քաջ գիտակ անձ մըն է եւ հոգուով ու սրտով միշտ կայտառ ու երիտասարդ։ Իր սաներէն շատեր, որպէս իրանագէտ ու արեւելագէտ, ծառայած են ու ծառայեն Հայաստանի դիւանագիտական կեանքէն ներս։ Տիար Գուրգէն Մելիքեան երկար տարիներէ ի վեր Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի դեկանն էր։

            Ուժ եւ կորով կը մաղթենք մեր սիրելի ընկերոջ, որ այս թափով շարունակէ ծառայել արծուասիրտ Արցախին։

 

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Լոս Անճելըս

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին