Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Բանակը Սպառազինութեան Նոր Տեսակներով Համալրելու Ուղղութեամբ Շօշափելի Արդիւնքներ Արձանագրուած են. ԶՈՒ Գլխաւոր Շտապի Պետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցող գործնական հաւաքին Մարտ 26-ին «ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ առկայ վիճակը եւ զարգացման ուղղութիւնները» թեմայով դասախօսութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար Արտակ Դաւթեան:

Դասախօսութեան ընթացքին ան մասնակիցներուն ներկայացուցած է վերջին շրջանին զինուած ուժերուն մէջ իրականացուած եւ ընթացիկ աշխատանքները, մասնաւորապէս՝ զօրքերու պատրաստութեան, մարտական հերթապահութեան արդիւնքները, ուսումնամարտական խնդիրներու կատարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղուած ծրագիրները:

Զօրավար Դաւթեան նշած է, որ ՀՀ զինուած ուժերու ղեկավարութիւնը ամենօրեայ ուշադրութիւն կը դարձնէ բանակի՝ սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերով համալրելու, մարտական հերթապահութիւն կատարող զինուորներու պայմանները կատարելագործելու աշխատանքներուն եւ փաստած, որ այս ուղղութեամբ արձանագրուած են շօշափելի արդիւնքներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին