Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Աուն-Փութին Հանդիպումին Քննարկուեցաւ Ռուսական Կողմի Դերը Սուրիացի Գաղթականութեան Տունդարձի Գործընթացը Դիւրացնելու Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն այժմ պաշտօնական այցով կը գտնուի Ռուսիոյ Դաշնութիւն:
Այցի երկրորդ օրը Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որուն հետ, ինչպէս նախատեսուած էր, քննարկեց ռուսական կողմի խաղալիք կարեւոր դերը Լիբանան բնակութիւն հաստատած աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականութեան տունդարձի գործընթացը դիւրացնելու մէջ:
«Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանը հին եւ աւանդական գործընկեր է»,– ըսաւ Փութին:
Բացի գաղթականութեան խնդիրէն՝ Աուն եւ Փութին մասնաւորաբար անդրադարձան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ Կոլանի բարձունքներու իսրայէլեան գերիշխանութիւնը ճանչնալու որոշումին: Լիբանանի նախագահը վերահաստատեց իր դիրքորոշումը՝ ըսելով, որ «որոշումը կը հակասէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան միջազգային բանաձեւերուն, եւ մենք կ’ափսոսանք, որ նման որոշում կայացուած է»:     

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին