«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինչպէս կը տեղեկանանք ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակած հաղորդագրութենէն, Լիբանանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք շեշտեց, որ ի հեճուկս Հզպալլայի անդամակից ըլլալուն՝ առողջապահութեան նախարարութիւնը «Հզպալլայի նախարարութիւն չէ»:
«Առողջապահութեան նախարարութիւնը ծառայողական նախարարութիւն է Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդին համար, եւ նախարարութեան դէմ կիրառուած որեւէ պատժամիջոց ուղղակի կ’ազդէ ժողովուրդին վրայ, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, մենք կ’աշխատինք յանուն Լիբանանի ժողովուրդին եւ ոչ թէ նախարարութեան մէջ որոշակի անձերու»,- ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի՝ Լիբանան այցի ազդեցութեան մասին լրագրողներու հարցին ի պատասխան ըսաւ Ժապաք: