Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Միջեկեղեցական Եւ Միջկրօնական Յանձնախումբի Ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ուրբաթ, 22 Մարտ 2019-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական ու միջկրօնական նորակազմ յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը:

Ժողովական աշխատանքներուն ատենապետեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան, իսկ ատենադպիրի պաշտօնը վարեց կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. տ. Հրանդ վրդ. Թահանեան:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերուն մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները եւ մատնանշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքները։

Առաջին հերթին, յաջորդաբար քննարկումի նիւթ դարձան եկեղեցական խորհուրդներու մեր Ս. Աթոռին մասնակցութիւնը եւ ապա աստուածաբանական երկխօսութիւններու պարզած ներկայ վիճակը: Ինչ կը վերաբերի միջկրօնական բնագաւառին, ժողովի ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու յարաբերութիւնը եւ այս ծիրէն ներս մեր Ս. Աթոռին բերած մասնակցութիւնը՝ շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Ներկաներուն կողմէ տրուեցան զեկոյցներ՝ քննարկուած նիւթերուն գծով։

Աւելի քան երեք ժամ տեւած հադիպումի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց վերոյիշեալ մարզերուն մէջ կատարուած աշխատանքներուն եւ յատուկ կերպով ընդգծեց միջեկեղեցական յարաբերութեանց կարեւորութիւն տալու հրամայականը՝ հակառակ այն իրողութեան, որ ան սկսած է որոշ նահանջ արձանագրել: Հայրապետը յատկապէս ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց առաջնահերթութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը՝ նկատի ունենալով ներկայ ժամանակներու պատահած վտանգալից դէպքերը բոլոր ընկերութեանց կեանքին մէջ:

Յայտնենք, որ յանձնախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ անդամները. Գերշ. տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Գերշ. տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, Գերշ. տ. Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, Գերշ. տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Հոգշ. տ. Հրանդ վրդ. Թահանեան, Հոգշ. տ. Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Հոգշ. տ. Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, տիկին Թենի Սիմոնեան, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, տիկին Սեդա Խտըշեան, տիկին Գարլա Խիժոյեան, դոկտ. Ժան Սալմանեան, տիար Գէորգ Յակոբճեան եւ տիար Կարէն Եոսուլքանեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին