Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

ԱՄՆ Նորանշանակ Դեսպանը ՀՀ Վարչապետին Հետ Հանդիպումին Վերահաստատած Է ԱՄՆ-ի Աջակցութիւնը Հայաստանին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրեյսին:

Ինչպէս կը հաղորդեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է Լին Թրեյսին կառավարութեան մէջ, շնորհաւորած է զինք նոր պաշտօնի վրայ նշանակուելուն առթիւ՝ յաջողութիւն մաղթելով դիւանագիտական առաքելութեան մէջ: Վարչապետը ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ ԱՄՆ-ի հետ գործընկերութեան շարունակական զարգացումն ու ընդլայնումը, այդ կարգին՝ քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ: Գործադիրի ղեկավարը նշած է, որ Հայաստանը հաստատակամօրէն կը շարժի ժողովրդավարութեան զարգացումի ու ամրապնդումի, կաշառակերութեան, մենաշնորհներու դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խօսքի ազատութեան ուղղութեամբ, ու կարեւոր համարած է նշուած ոլորտներուն մէջ ԱՄՆ-ի հետ գործակցութիւնն ու համատեղ ծրագիրներու իրականացումը:   

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Լին Թրեյսին նշած է, որ իրեն համար պատիւ է հանդիպիլ վարչապետ Փաշինեանին, եւ վերահաստատած ԱՄՆ-ի ամուր աջակցութեան յանձնառութիւնը ինքնիշխան Հայաստանին՝ ժողովրդավարական օրակարգի, հակակաշառակերութեան ջանքերու, տնտեսական ու տարածաշրջանային, ինչպէս նաեւ միջազգային անվտանգութեան խնդիրներուն շուրջ շարունակական գործակցութեան հարցերու գծով: Լին Թրեյսին վստահեցուցած է, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին կը ներդնէ անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը՝ նպաստելու նաեւ երկկողմ տնտեսական գործակցութեան զարգացումին:

Հանդիպումին զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան եւ Լին Թրեյսին միտքեր փոխանակած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումի եւ տարածաշրջանային նշանակութեան այլ թեմաներու շուրջ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին