Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Փաշինեան Եւ Մետվետեւ Քննարկած Են Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Յառաջիկայ Նիստը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Տմիթրի Մետվետեւը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի՝ Ապրիլ 30-ին Երեւանի մէջ կայանալիք նիստը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է ՌԴ նախարարներու խորհուրդի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած են Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի՝ Ապրիլ 30-ին Երեւանի մէջ կայանալիք նիստի օրակարգը, ինչպէս նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մի քանի հրատապ հարցեր»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին