«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի ղեկավարած պատուիրակութիւն, որ պաշտօնական այցով Մարտ 18–21 կը գտնուի Գերմանիա, Մարտ 18-ի առաւօտեան հանդիպում ունեցած է Պեռլինի Ներկայացուցիչներու պալատի փոխնախագահին եւ անդամներուն հետ։
Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին Արարատ Միրզոյեան անգամ մը եւս ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները եւ սպասուող բարեփոխումներու օրակարգը։ Պատուիրակութիւններու անդամները տեղեկութիւն փոխանակած են օրէնսդիրներու աշխատանքին վերաբերող շարք մը ոլորտներու վերաբերեալ։
Ի թիւս այլ հարցերու՝ Արարատ Միրզոյեան գործընկերներուն հետ քննարկած է նաեւ Պեռլինի դպրոցներու դասագիրքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող նիւթե ներառելու հարցը։
Հայկական պատուիրակութիւնը աշխատանքային ճաշի ծիրէն ներս հանդիպած է Պունտեսթագի Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս խումբի ղեկավար Եոհաննէս Քարսի, խումբի անդամներ Ալպերթ Վայլերի, Շթեֆան Քոթնէի, Հելին Եւրիմ Զոմերի, Մարք Հայնրիխմանի, Անթոն Ֆրիզենի եւ Վալտեմար Հերտթի հետ։ Գերմանական կողմի ներկայացուցիչները նշած են, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Պունտեսթագի պատգամաւորներուն մօտ աճած է հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, որուն նպաստած է նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի այցը Հայաստան։
Զրոյցին Արարատ Միրզոյեան անգամ մը եւս վերահաստատած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները՝ նշելով, որ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացումի լոյսին ներքոյ կարեւոր դեր ունի ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացումը ԵՄ անդամ երկիրներուն կողմէ, որ Ապրիլ 4-ին երկրորդ ընթերցումով պիտի քննարկուի Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ։
Պատուիրակութեան անդամ Ռուբէն Ռուբինեան անդրադարձ կատարած է Ղարաբաղեան հիմնախնդրին՝ ներկայացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ եւ վերահաստատելով հակամարտութիւնը խաղաղ ճամբով կարգաւորելու ՀՀ դիրքորոշումը ՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս։
Խօսելով հակամարտութեան կարգաւորումին մասին՝ ԱԺ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան ընդգծած է Հարաւային Կովկասին մէջ ժողովրդավարութեան գործընթացներու կարեւորութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ գերմանացի գործընկերները աւելի ուշադիր կը գտնուին Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումի դրսեւորումներուն նկատմամբ։
Անդրադառնալով երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններու խորացումի հնարաւորութիւններուն՝ գերմանացի գործընկերներու ներկայացուած են Հայաստանի մէջ սպասուող տնտեսական բարեփոխումները, որոնք կը բարձրացնեն ՀՀ-ի տնտեսական գրաւչութիւնը։
Աշխատանքային ճաշէն ետք Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ծաղիկներ տեղադրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին մօտ։