Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Աունի Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չազդուին Քաղաքական Բախումներէն. Հարիրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Ի տես Մուսթաքպալ շարժումի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ ծայր առած լարուած իրավիճակին՝ Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի հաւաստեց, որ քաղաքական առկայ տարաձայնութիւններն ու բախումները որեւէ բացասական անդրադարձ պիտի չունենան նախագահ Միշէլ Աունի հետ յարաբերութիւններուն վրայ:
Մեծ Սերայլի մէջ մամլոյ ֆետրասիոնէն պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումին վարչապետ Հարիրի ըսաւ, որ ինք այստեղ կը գտնուի «բացառապէս աշխատելու նպատակով»՝ ի հեճուկս ժամանակ առ ժամանակ ծայր առնող լարուածութիւններու:
Այնուհետեւ վարչապետ Հարիրի անդրադարձաւ այն քաղաքական թէժ գոյավիճակի կարգաւորումին, որ ուղի հարթեց Աունի՝ Հոկտեմբեր 2016-ի ընտրութեան եւ նոյն տարուան Դեկտեմբերին իր՝ որպէս վարչապետի վերանշանակումին:
«Չնայած երկրին մէջ քաղաքական ակնբախ տարակարծութիւններուն՝ նախագահ Աունի հետ հաղորդակցութիւնը անխափան կը շարունակուի»,- եզրափակեց Հարիրի:    

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին