«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նիւ Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտեռն այցելած է Քրայսթչերչ քաղաքը, ուր Մարտ 15-ին տեղի ունեցած էր 50 հոգիի կեանքը խլած ահաբեկչութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:
Վարչապետը եղած է հիւանդանոցները, հանդիպած է ահաբեկչութենէն տուժած անձանց եւ մահացածներու ընտանիքներուն հետ: Զոհերու ընտանիքներուն պիտի վճարուի փոխհատուցում:
Վարչապետը հանդիպած է ոստիկաններուն հետ: Կը նշուի, որ ոստիկանները Նիւ Զելանտայի մէջ պիտի հսկեն եկեղեցիները, այնքան ատեն որ դեռ վտանգը չէ անցած:
Նիւ Զելանտայի Քրայսթչերչ քաղաքի մզկիթներուն մէջ Մարտ 15-ին տեղի ունեցած է հրաձգութիւն, որ երկրի վարչապետ Ճասինտա Արտեռնը ահաբեկչական գործողութիւն անուանած է: «Այժմ պարզ է, որ այդ յարձակումները կարելի է բնութագրել որպէս ահաբեկչութիւն»,- ըսած է ան:
Ահաբեկչութեան հետեւանքով մահացածներու թիւը հասած է 50-ի, վիրաւորներու թիւը՝ մօտ 50-ի: Վիրաւորներէն 12 հոգի, այդ կարգին՝ երեխաներ, կը գտնուին վերակենդանացումի բաժանմունքը: Մզկիթին վրայ կատարուած գրոհէն ետք ձերբակալուած է չորս հոգի՝ երեք տղամարդ եւ մէկ կին: