«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական բաժնի յայտարարութեան համաձայն՝ Մարտ 14-ին ջերմաստիճանը զգալիօրէն պիտի նուազի՝ ափամերձ շրջաններու պարագային տատանելով 7–18-ի միջեւ, լեռնային շրջաններու պարագային՝ 5–13, իսկ արեւելեան քաղաքներու պարագային՝ 3–17: Տեղատարափ անձրեւ կը նախատեսուի մասնաւորաբար կէսօրէ առաջ: Անձրեւը կ’ուղեկցուի ուժգին փոթորիկով ու քամիով: Ձիւն կը սպասուի ծովու մակերեւոյթէն 1300 մեթր բարձր շրջանները:
Տեղումները պիտի շարունակուին մինչեւ շաբաթավերջ: