«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչակ Երեւանի մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ Արցախեան հիմնահարցի շուրջ բանակցութիւններու ձեւաչափին մէջ որեւէ փոփոխութիւն պէտք է ընդունելի ըլլայ բոլոր կողմերուն համար:
«Որեւէ հնարաւոր փոփոխութիւն բանակցութիւններու ձեւաչափին մէջ պէտք է ընդունելի ըլլայ բոլոր կողմերուն համար: Մենք Բաւարար ժամանակ պիտի յատկացնենք այս խնդիրներու քննարկման համար: Վստահ եմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ճիշդ բանաձեւը ունի բանակցութիւններու շարունակութեան վերաբերեալ համապատասխան ձեւաչափի մէջ», – ըսած է Լայչակ:
Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ Լայչակի հետ հանդիպաման ինք վերահաստատած է, որ Արցախի անվտանգութեան ապահովումն ու կարգավիճակը Հայաստանի համար եղած է եւ կը մնայ բացարձակ գերակայութիւններ:
«Կրկնեցի նաեւ այն մօտեցումը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի որոշիչ ձայնի ու ներգրաւուածութեան ապահովման», – ըսած է Մնացականեան:
Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ԼՂ հարցի կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կողմէ առաջակրուող սկզբունքներուն` ըսելով, որ անոնք պարզաբանման կարիք ունին:
«Իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛ընդունի՞ արդեօք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կողմէ առաջ քաշուող 3 սկզբունքը եւ 6 տարրը` որպէս բանակցային գործընթացի հիմք: Սա իսկապէս կարեւորագոյն հարց է, բայց այս հարցին ի պատասխան մենք կարիք ունինք կարեւոր պարզաբանումներու: Իսկ գործնականօրէն ի՞նչ կրնան նշանակել այդ սկզբունքները , եւ որու՞ն է ատոնք մեկնաբանելու իրաւունքը: Սա կարեւոր է, որովհետեւ, ինչպէս այդ սկզբունքները կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանը, մեզի համար անընդունելի է: Մենք, ի հարկէ, կրնանք հանդէս գալ այդ սկզբունքներու սեփական մեկնաբանութեամբ, բայց ատիկա անիմաստ է, որովհետեւ մեր նպատակը ոչ թէ լեզուակռիւն է, այլ արդիւնաւէտ բանակցային գործընթացը»,- ըսած է Փաշինեան: