Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՍՏԵՓԱՆ ՉՈՐԼԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ստեփան Չորլեան (13 Մարտ 1854, Մունճուսուն, Կեսարիոյ գաւառ, Անգարայի նահանգ- 15 Մայիս 1921), հայ դեղագործ։

Ծնած է 13 Մարտ 1854-ին Անգարայի նահանգի Կեսարիոյ գաւառի Մունճուսուն գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծխական դպրոցը։ Մեկնած է Թուրքիոյ եւրոպական մասը ապրող ազգականին քով եւ այդտեղ շարունակած է ուսումը։ 1873–76 թուականներուն ուսանած է Կ․ Պոլսոյ Օսմանեան դեղագործական վարժարանը։ 1876 թուականին վերադարձած է ծննդավայր ու հիմնած է դեղատուն։ Շուտով դարձած է գիւղի հմուտ դեղագործն ու բժիշկը։ 1880 թուականին փոխադրուած է Կեսարիա եւ «Ուզուն Չարշը»-ի մէջ («Երկար շուկայ») դեղատուն բացած է։ Կարճ ժամանակի մէջ արժանացած է տեղի բնակչութեան համակրանքին։

1910 թուականին մեկնած է Եգիպտոս եւ մէկ տարի մնացած է Աղեքսանտրիա՝ եղբօրը քով։ 1911 թուականին, վերադառնալով Սեթեն Էօնիւ, աշխատած է որպէս Իսփենճեան դեղատան տնօրէն։ Յաճախ գացած է մօտակայ գիւղերը` քարոզելու, բժշկելու, աղքատներուն դեղ բաժնելու։

1915 թուականի տեղահանութեան ժամանակ կառավարութեան հրամանով Ս. Չորլեանի ընտանիքն ու ազգականները աքսորի չեն ենթարկուած։ Պատերազմի ընթացքին աշխատած է Կեսարիոյ մէջ։ 1917 թուականի Յուլիսին Մունճուսուն-Կեսարիա ճամբուն վրայ գողերը կողոպտած եւ դանակահարած են զինք։ Փրկուած է հրաշքով։ 1920 թուականի վերջերուն ձերբակալուած է որպէս յեղափոխական եւ բանտարկուած է՝ ի թիւս շարք մը ակնառու անձանց։ Մէկ ամիսէն ազատ արձակուած է՝ առողջութիւնը ի սպառ քայքայուած եւ հիւանդ վիճակի մէջ։

Մահացած է 15 Մայիս 1921-ին՝ 67 տարեկան հասակին։ Կինը եւ երեք աղջիկները տեղափոխուած են Աղեքսանտրիա։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին