«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուզան Գուրգէն Քիւրքչեան (օրիորդական ազգանունը` Մալխասեան, 11 Մարտ 1930, Հիւսիսկովկասեան երկրամաս, ՌԽՖՍՀ, ԽՍՀՄ – 6 Դեկտեմբեր 2002, Երեւան, Հայաստան), հայ քանդակագործ, ԽՍՀՄ նկարիչներու միութեան անդամ:
1955 թուականին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը։ Սկզբնական շրջանին աշխատած է հաստոցային քանդակագործութեան բնագաւառին մէջ։ 1960-ականներէն Ռուզան Քիւրքչեանի գործերուն մէջ ի յայտ եկած են քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան տարրերու համադրումներ։
Ստեղծագործութիւններ
Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնի գլխաւոր յուշապատը, 1965, տուֆ, «Արեւելք», «Յասմիկ», «Գէորգ Բաշինջաղեան», «Կոմունար», «20 թիւ», «Առատութիւն», «Դաշինք», «Ընտանիք», 1968, պրոնզ, «Գարուն», 1968, պրոնզ, «Վերածնունդ», 1972, պրոնզ, «Վարպետ Օհանը», 1972, դիմաքանդակ, Հայաստանի ազգային պատկերասրահ, պրոնզ, «Կոմիտաս», դիմաքանդակ, պրոնզ: