Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Շուէտի Խորհրդարանի Փոխնախագահը Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Շուէտի Թագաւորութեան խորհրդարանի երկրորդ փոխնախագահը Լոթթա Եոնսոն Ֆորնարվէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Լենա Նազարեանի ուղեկցութեամբ Մարտ 9-ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Լոթթա Եոնսոն Ֆորնարվէն ծաղկեպսակ դրած է Հայոց Մեծ եղեռնի յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակին մօտ, լռութեամբ յարգած է Սուրբ նահատակներու յիշատակը։

Հիւրերը եղած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ծանօթացած հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը հաւաստող վաւերագիրերուն, դիտած են ցուցանմուշները, գրառում կատարած յուշամատեանին մէջ։

Շուէտի խորհրդարանի փոխնախագահը նշած է, որ իր երկրի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ յաւելելով. «Մենք միշտ կը յիշենք հայոց մեծ ողբերգութիւնը, եւ ամէն տարի յիշատակի արարողութիւններ տեղի կ’ունենան մեր խորհրդարանը: Այս տարի նոյնպէս Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին