«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռաֆայէլ Աւետիս Իշխանեան (9 Մարտ 1922 Երեւան – 6 Փետրուար 1995, Երեւան), լեզուաբան, գրականագէտ, մատենագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1973), փրոֆէսոր (1978), Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր։
Ծնած է յեղափոխականներ՝ Աւետիս Մելքոն Կիրակոսեանի (գնդակահարուած է 1937-ին) եւ Հայկանուշ Արսէն Իշխանեանի (1900-1933) ընտանիքի յարկին տակ։ 1939-ին աւարտած է Կրուպսկայայի անուան (այժմ՝ Նիկոլ Աղբալեան) դպրոցը եւ ընդունուած Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը։ 1940-ին կը զօրակոչուի բանակ ու կը մասնակցի Բ. աշխարհամարտին։ Կը վիրաւորուի եւ գերի կ’իյնայ, իսկ գերութենէն ազատելէ ետք կրկին կը մասնակցի ռազմական գործողութիւններու։ Համալսարանը կ’աւարտէ 1949-ին, իսկ Մոսկուայի գրադարանային հիմնարկը՝ 1954-ին։ 1962-ին թեկնածուական ատենախօսութիւն կը պաշտպանէ «Ակսել Բակունց» նիւթով, իսկ 1973-ին դոկտորական ատենախօսութիւն՝ «Հայ նոր գրականութեան լեզուի պատմութիւն»։ 1955 – 1963 աշխատած է Հանրային (այժմ՝ Ազգային) գրադարանը իբրեւ աւագ գրադարանավար, ենթաբաժնի վարիչ, ապա՝ բաժնի վարիչ, իսկ Մաշտոցի անուան մատենադարանը՝ որպէս գիտական գրադարանի տնօրէն։ Դասաւանդած է Հայաստանի հեռակայ մանկավարժական հիմնարկը։ 1963 – 1992 եղած է դասախօս Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժնի հայոց լեզուի եւ հայոց լեզուի պատմութեան ամպիոններուն՝ դասաւանդելով ժամանակակից հայոց լեզու, բարբառագիտութիւն, հայ գրականութեան լեզուի պատմութիւն։ Լայնօրէն ծանօթ եղած է իբրեւ հայոց լեզուի ու դասական ուղղագրութեան պաշտպան։ 1991-էն մինչեւ մահը (1995) Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն եւ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր եղած է։