ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Փետրուար 7-9, հարիւրաւոր հայեր եւ համակիրներ աշխարհի հեռաւոր ծայրերէն, մինչեւ Ճափոն եւ Ուրուկուէյ, Հարաւային Ամերիկա եւ Աւստրալիա, հաւաքուած էին Փարիզի մէջ, ՀԲԸՄ-ի 90-րդ Ընդհանուր ժողովին առիթով: Երեք օրերու ընթացքին, տարբեր ծրագիրներու ամբողջական յայտագիր մը գործադրուեցաւ, քաղաքի սրտին գտնուող յատկանշական շարք մը կառոյցներէ ներս, սկսած Էյֆէլի աշտարակին մէջ կայացած բարեգալուստի երեկոյէն, որ մեկնարկ հանդիսացաւ շաբաթավերջի եռուն գործունէութիւններուն, որոնց ընթացքին, 113 տարիներու վաստակ ունեցող կազմակերպութիւնը, անցնող երկու տարիներու իր գործունէութիւններուն արժեւորումին առընթեր, քննարկեց նաեւ հայաշխարհը յուզող ապագայ մարտահրաւէրները, որոնք կը բխէին ընկերային թէ ճարտարագիտական մարզերու մէջ իրականացուող համատարած զարգացումներու պարտադրած համաշխարհայնական նոր հոլովոյթներու սուր հրամայականներէն: Նոյն առիթով, Միութիւնը պատուեց նաեւ համայնքի յայտնի դէմքեր, որոնք իրենց ներուժը ի գործ դրած են ապահովելու համար կազմակերպութեան իր ամենամեայ դրոշմով լայն հասողութիւնը շուրջ 97 երկիրներու մէջ աւելի քան 500,000 հայերու կեանքերէն ներս:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 8
Ուրբաթ երկոյեան, Փարիզի հռչակաւոր Ուակրամ համերգասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի նուիրուած յարգանքի յուշահամերգ մը: Խնամքով ծրագրուած յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Շարլ Ազնաւուրի հետ երկար տարիներու ընկերակից դաշնակահար Էրիք Պէրշօ եւ ճէզ երգչուհի Ճօէնա Մէնտիլ: Հայութեան համաշխարհային պատուիրակին, ֆրանսահայ հանճարեղ երգիչին իւրայատուկ կատարողական արուեստը բնութագրող նմոյշներ ներկայացուցին յատկապէս հրաւիրուած ժամանակակից երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներ՝ Նարինէ Տօվլաթեան, Իվեթա Մուկուչեան, Սոնա Ռուբէնեան, Սրբուհի Սարգսեան եւ Գոռ Սութճեան, երաժիշտներու ընտրեալ խումբի մը ընկերակցութեամբ: Բազմատաղանդ հանդիսավար Հայկ Պետրոսեանի հաղորդական եւ աշխոյժ ղեկավարութեամբ եւ մէջընդմէջ կատարումներով, որոնց զուգահեռ նաեւ Ազնաւուրի կեանքէն պատկերներու լուսարձակումներով, ներկայ հանդիսատեսներու խուռն բազմութիւնը, յուզումի եւ վայելքի անկրկնելի պահեր ապրեցան, եւ յոտնկայս երկար ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց գնահատանքը:
Հանդիսութեան ներկայ էր Ազնաւուրի որդին եւ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր Նիքոլա Ազնաւուր: Բաժնելով իր զգացումները ան ըսաւ. «Մենք խոր գոհունակութիւն կը զգանք Փարիզի մէջ ՀԲԸՄ-ի ընկերակցութեամբ յարգանքի տուրք մատուցանելով հօրս յիշատակին: Ասիկա նախաքայլն է ՀԲԸՄ-ի եւ «Ազնաւուր» հիմնադրամի միջեւ հետագայ բազմաթիւ գործակցական նախաձեռնութիւններու: Ազնաւուրի համամարդկային ոգիին ու արուեստին ժառանգը եւ անոր սիրոյ եւ երջանկութեան կենդանի շունչը միշտ վառ պիտի մնան մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ»։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 9
Յաջորդ օրը, Շաբաթ 9 Փետրուարին, Լէ Ժարտէն Սէն Տօմինիք-ի մէջ կայացած ՀԲԸՄ-ի 90-րդ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին, Միութեան անդամները միաձայնութեամբ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի չորս նոր անդամներ ընտրեցին – Հայկ Արիեան, Նատիա Գործունեան, Վարդգէս Գնաճեան եւ Արի Լիպարիտեան: Համագումարը առիթ էր նաեւ գնահատելու հայութեան իրենց յատկանշական նպաստը բերած շարք մը արժանաւոր անձնաւորութիւններ:
Ֆրանսացի քաղաքագէտ Փաթրիք Տէվէճեան, գնահատուեցաւ Պօղոս Նուպար պատուաքանդակով, որ միութեան բարձրագոյն պատուանշանն է որուն կ’արժանանան այն անհատները, որոնք անխոնջ կերպով ծառայած են համայնքին եւ օգնած, որ ուրիշներ եւս բարձրանան իրենց հետ: Տէվէճեանի փայլուն գործընթացը յատկանշուած է որպէս յայտնի փաստաբան, իր հանրային ծառայութեան տարիներու ընթացքին մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան աննկուն ախոյեանի դերով: Արդարութեան եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումին ի խնդիր Տէվէճեանի հետեւողական եւ յամառ աշխատանքին իբր արդիւնք, իրականացաւ ֆրանսական Հոլոքոսթ-ի օրէնքին 2016-ի յաւելուածը, որ մարդկութեան դէմ ոճիրներու, ցեղասպանութեան եւ պատերազմական ոճիրներու նկատմամբ ուրացման կամ արհամարհական որեւէ կեցուածք, կը նկատէ պատժելի ոճրային արարք: Որպէս հայ աշխարհաքաղաքացի իր օրինակելի գործունէութեամբ, Փաթրիք Տէվէճեան ճամբայ կը հարթէ ղեկավարներու երիտասարդ սերունդին համար:
Միութեան մասնաճիւղերուն եւ ծրագիրներուն մատուցած իրենց երկարամեայ եւ նուիրեալ ծառայութեան եւ ցուցաբերած միութենական բարձր ոգիին համար գնահատանքի արժանացան նաեւ շարք մը պատասխանատու անդամներ եւ պաշտօնեաներ: Թամար Խապայեան Սուրիայէն, Մոնիքա Նալպանտեան Պրազիլէն, Մարալ Չօրպաճեան Աւստրալիայէն, Հերմինէ Տիւզեան Ֆրանսայէն եւ Ռուբէն Կէտիքեան Արժանթինէն: Գնահատուեցան նաեւ տարբեր շրջանակներու եւ յանձնախումբերու նշանակելի նախաձեռնութիւնները, որոնց շարքին Նիւ Եորք եւ Շրջակայքի եւ Հիսիսային Քալիֆորնիոյ Երիտասարդ Արհեստավարժներու խմբակցութիւնները:
. Նոյն օրը երեկոյեան, Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցները համախմբուեցան Փարիզի ամենայայտնի ճաշասրահներէն Լը Փավիյոն Լըտուայէն-ի մէջ, ՀԲԸՄ-ի Կալա շքահանդէսին: Գեղափայլ երեկոյի հանդիսավարներն էին Կեդրնական Վարչական Ժողովի անդամ Անի Մանուկեան եւ Լոնտոնի Հիմնադրամի հոգաբարձական կազմի անդամ Քամիլիօ Ազզուզ: Ներկաներուն համար անսպասելի, սակայն նախապէս բծախնդրօրէն պատրաստուած նախաձեռնութեամբ մը, պատիւի արժանացան երկու զոյգեր, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրենց բարերար դրոշմը ձգած են ՀԲԸՄ-ի եւ յարակից համայնքներուն վրայ: Սարգիս եւ Սեդա Տեմիրճեան եւ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան: Անոնց կեանքին եւ տարբեր համայնքներու հայկական թէ տեղական լայն շրջանակներուն կատարած ներդրումներուն մասին պատմող տեսաերիզներու ներկայացումէն ետք անոնք պարգեւատրուեցան յուշաքանդակներով:
Սարգիս եւ Սեդա Տեմիրճեանները, որոնք կը սերին Սուրիոյ եւ Լիբանանի միութենական համայնքներուն իրենց բարերար ներդրումը բերած յայտնի գերդաստաններէ, իրենց կարգին ընկերային, կրթական եւ մշակութային կարեւոր ծրագիրներ իրականացուցած են Լիբանանեան թէ Ամերիկեան հայ եւ տեղական շրջանակներէն ներս, որոնց կարգին Ամերիկայի Արեւմտեան Ափի ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի երկրորդական բաժնին կատարած իրենց բարերարութիւնը: Լիբանանի հանրութեան ծանօթ Տեմիրճեան մարզամշակութային համալիրը, որ կառուցուեցաւ իրենց բարերարութեամբ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին յաջորդող վերականգնումի ժամանակաշրջանին, այսօր կը հանդիսանայ շրջանի բոլոր համայնքներուն կողմէ օգտագործուող մարզահամալիր մը, որուն ծովափնեայ արդիական գեղակերտ կառոյցէն ներս կը գործեն Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան գրասենեակները եւ տարբեր ծրագիրները, զայն վերածելով եռուն գործունէութիւններու կեդրոնի մը:
Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները, որոնց մարդասիրական եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման ի նպաստ կատարած ներդրումները ծանօթ են իրենց լայն հասողութեամբ եւ միջազգային բարձր շրջանակներու մէջ գտած ճանաչումով, նոյնպէս արժանացան ներկաներու գնահատանքի եւ երախտագիտութեան ջերմ արտայայտութիւններուն: Վաչէ Մանուկեան առաջիններէն էր որ կազմակերպեց համաշխարհային ընկերութիւններու ներդրումային հոսքը դէպի Հայաստան: Մանուկեանները հետեւողականօրէն բարերարութիւններ կը կատարեն ՀԲԸՄ-ին եւ Մայր Աթոռին, ինչպէս ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական վարժարանը եւ Կատարողական արուեստներու կեդրոն համերգասրահը: Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ ծրագիրներու կատարած իրենց բարերարութիւններուն միջոցաւ, ինչպիսին են ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ը եւ Էլթըն Ճոնի ԷՅՏԶ-ի հիմնադրամը, անոնք ոչ միայն անգնահատելի աջակցութիւն կ’ընձեռեն հազարաւոր կարօտեալներու, այլեւ հայութեան անունը բարձր պահող պատուաբեր դեսպանները կը հանդիսանան ազգին: Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու կեանքը եւ գործը պատկերացնող տեսաերիզին մէջ տեղ գտած էր Նորին Արքայական Բարձապատուութիւն Ուէլզի Իշխան Չարլզի անձնական վկայութիւնը, որ իր Տաֆրի’զ Հաուզ ծրագրին համար Մանուկեաններու կատարած բարերարութեան անդրադառնալով, կ’ըսէր. «Յուսով եմ կը գիտակցիք թէ դուք որքան գնահատուած էք Միացեալ Թագաւորութեան համար ձեր կատարած բարեգործութիւններուն կապակցութեամբ: Ձեզ պիտի ուզէի կոչել ազգային հարստութիւն, սակայն կը խորհիմ թէ միջազգային հարստութիւն կոչումը աւելի վայել է ձեզի»։
. Գնահատանքի եւ յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրքերու առընթեր, շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ ապագային վերաբերող խնդիրներու քննարկումին եւ ծրագրումին նուիրուած աշխատանքային հանդիպումներով եւ համագումարով: Անոնցմէ գլխաւորը միօրեայ համագումարն էր, որ Ուրբաթ օր կայացաւ ձեռնարկային նախագիծերու մշակման աշխարհի մեծագոյն կեդրոն համարուող Սթասիոն Էֆ համալսարանային համալիրի համագումարներու սրահին մէջ: Համագումարի հանդիսավարութիւնը ձեռներէցութեամբ վարեց Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի նախագահ Սթէֆան Պետրոսեան: Օրուան ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն բովանդակային խորքը կազմող հիմնական նիւթն էր, արդէն շուտով իրականութիւն դարձող ճարտարագիտական զարգացումներու արագասլաց ընթացքը, որ հիմնովին կը փոխէր ընկերային-հանրային կառոյցներու, գիտութեան եւ ճարտարարուեստի անհուն կարելիութիւններուն եւ փոխյարաբերութիւններուն կապուած դասական ընկալեալ ըմբռնումները, նոր հորիզոններ բանալով մարդկութեան համար: Այդ նիւթին շուրջ լոյս սփռող իրենց տեսլապաշտ եւ խոհուն ելոյթներով հանդէս եկան օրուան գլխաւոր զեկուցաբեր, Աթօս Էս Ի ընկերութեան երէց փոխգործադիր տնօրէն եւ նախագահ Ռոպէր Վասոյեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ պաշտօնական այցով Ֆրանսա կը գտնուէր այդ օրերուն:
Ձեռներէցութեան նուիրուած առաջին նիստը համադրող ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ եւ Միութեան Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեան ընդգծեց, թէ ձեռներէցութեան ոգին հայ ժողովուրդի յաջողութեան անկիւնաքարը կը կազմէ: Նիստին կը մասնակցէին Ուէյքի էնտ Այ Թի ճարտարագիտական նախաձեռնութեան հիմնադիր Թաթուլ Աճամեան, Մայրիկ ճաշարաններու հիմնադիր գործարար Ալին Գամագեան եւ Իմփէքթ Հապ Արմինիա-ի համահիմնադիր գործարար Վահէ Քէօշկէրեան: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ձեռնարկութիւններ սկսելու կապուած իրենց փորձառութեան եւ խնդիրներուն, կարեւոր նկատելով Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային տարբերութիւններու ընկալումը եւ փոխադարձ հանդուրժողութեան զարգացումը, շեշտելով նաեւ կին գործարարներու ներգրաւումին անհրաժեշտութիւնը:
Յետմիջօրէի նիստը նուիրուած էր կիներուն եւ կեդրոնացած էր կիներու արդի հիմնախնդիրներուն վրայ, ընդհանրական թէ հայաստանեան բովանդակութեամբ: Քննարկումներու համակարգողն էր Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Արտա Յարութիւնեանը: Կը մասնակցէին տարբեր ասպարէզներու մէջ գործող ակնառու անձնաւորութիւններ՝ քաղաքագէտ եւ գործարար Ասդրիտ Փանոսեան, գիրքերու հեղինակ եւ Նիւ Եորքի Համալսարանի դասախօս Էմմա Առաքելեան, Րէվ Տէ Տէօ Մոնտ-ի տնօրէն Վալէրի Թորանեան եւ Իսի Լը Շանկայ Նորաձեւութեան Խմբակցութեան փոխնախագահ Իզապէլ Քափրօն:
Համագումարը աւարեցաւ Հայաստանի մէջ ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութիւններուն եւ գործընկերային աշխատանքներուն մասին զեկոյցով, զոր ներկայացուց Միութեան Հայաստանի գործադիր տնօրէն Դալար Գազանճեան, շեշտելով կին գործարարները քաջալերելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները: Իրեն յաջորդեցին գործարար եւ Հայթէք Եուրոփ-ի հիմնադիր Արմէն Վերտեան եւ Տիճիթըլ Թրէնսֆորմէյշըն Լիիտ էթ Պրէնթէկ-էն Հայկ Խանամիրեան, որ խօսեցաւ Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութիւնը եղող առաջնորդներու պատրաստութեանԿորիզ ծրագրին մասին, որուն նպատակն է հայ երիտասարդներու մօտ մշակել համամարդկային խնդիրներու նկատմամբ զգայնութիւն եւ նախաձեռնութիւններու մասնակցելու ոգի:
. Միօրեայ համագումարէն անկախ, Ընդհանուր Ժողովին նախորդող օրերուն տեղի ունեցան ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուներու կողմէ կազմակերպուած երկխօսութեան եւ գաղափարներու փոխանակման երկու աշխատաժողովներ, Շրջանակային Յանձնաժողովներու եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ընդհանուր Ժողովի եւ յարակից ծրագիրներու ճոխ եւ խանդավառ օրերու աւարտին, մասնակիցները հրաժեշտ տուին իրարու, Միութեան առաքելութեան արդի տարածականութեան եւ անոր գործունէութիւններու համաշխարհային ու համամարդկային հնչեղութեան խոր հասկացողութեամբ եւ ըմբռնումով: Ամփոփելով շաբաթավերջի իր տպաւորութիւնները, Նախագահ Պերճ Սեդրակեան ըսաւ. «Անցնող չորս օրերու ընթացքին մեր խոհական քննարկումներուն, խորհրդածութիւններուն եւ վերլուծումներուն լոյսին տակ, երբ առիթը ունեցանք նաեւ գնահատելու մեր շրջանակին մէջ գործող բազմաթիւ ազգային եւ համամարդկային արժէք ներկայացնող ու ներդրում իրագործող անձնաւորութիւններ, կրնանք անգամ մը եւս վստահութեամբ նշել, թէ ՀԲԸՄ-ը այսօր, աւելի քան երբեք, պատրաստ է իր առաքելութիւնը արդիւնաւորութեամբ շարունակելու, ազգային եւ համամարդկային տարողութեամբ, ի շահ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ համաշխարհային բեմի վրայ անոր պատմական դերի իրագործումին»։
Կալա շքահանդէսի մեծարեալները եւ հիւրերը: Ձախէն աջ՝ Սարգիս Տեմիրճեան, Սեդա Տեմիրճեան, Վաչէ Մանուկեան, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Թամար Մանուկեան, Սնոտըն-ի Բ. Գահաժառանգ Տէյվիտ Արմսթրոնկ Ճանզ, Վերա Սեդրակեան եւ Պերճ Սեդրակեան