Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Գանգատնե՜ր, գանգատներ Թիւ 5

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երբ չես կրնար համակերպիլ կամ փոխել, այն ժամանակ կը սկսիս գանգատիլ, եթէ անշուշտ գանգատներդ լսող մնաց:

Ստախօսութիւններ, խարդախութիւններ, խաբեբայութիւններ եւ անուրջներ:

Ժամանակին, շատ երկար ժամանակ առաջ, երբ այս երկրի գաղթականութեան համար կը դիմէինք, մեզի կ՚ըսէին. «Դիմումիդ մէջ չըլլայ որ սուտ խօսիս հա՛, իրենք ամէն ինչ գիտեն քու մասիդ»: Իսկ հիմա… «չըլլայ որ փոքր սուտ խօսիս հա՛». անշուշտ մենք մեզի կ՚ըսենք: Բայց այն ժամանակ՝ լաւ օրեր էին, իսկապէ՛ս:

Ուշադրութիւն դարձուցա՞ծ էք, կամ պրպտա՞ծ էք որեւէ գովազդի կամ յայտարարութեան ճշգրտութեան կամ իրականութեան մասին: Մեծամասնութեամբ… կարծենք ո՛չ: Որովհետեւ, հեռատեսիլի, համացանցի, ձեռքի հեռաձայններու եւ տեսաժապաւէններու (ֆիլմերու) ժողովուրդին վրայ թողած ազդեցութիւնը եւ հայթայթած տեղեկութիւնները, արդէն կը համարուին իրականութիւն կամ  եղելութիւն: Առաջին հերթին, նկատի առնելով հեռատեսիլի գովազդները, որոնք կը տարուբերին դեղորայքէն սկսեալ մինչեւ տնային առարկաներ, արտաքին եւ ներքին աշխարհի պիտոյքներ կամ անպիտանիներ, որոնք ընդհանրապէս թելադրական են իրենց պարունակութեամբ, ակնդիրը զգետնելով առանց ընտրութեան ճարի: Անշուշտ այսպիսի առեւտուր (marketing) կամ վաճառորդութիւն (salesmanship), ժամանակին կը կատարուէին դուռէ դուռ, ծախու առարկան կռնակը կամ ուսը առած շրջուն վաճառորդներու կողմէ: Իսկ այսօր, այդ դերը վստահուած է հեռատեսիլի ալիքներուն եւ արուեստագիտական միւս սարքերուն։

Տարինե՜ր առաջ, մեր ապրած երկիրներուն մէջ, ամենաշատ ընկալուած հաճոյքի վայրերն էին շարժապատկերի սրահները հասարակ ժողովրդային խաւին համար: Որքա՜ն հմայուած ու կլանուած կը հետեւէինք այդ ֆիլմերուն, եւ անոնց հերոսները մեր հերոսներն էին: Կ՚ընդօրինակէինք կամ կ՚իւրացնէինք անոնց բոլոր շարժուձեւերն ու պատկերը, զանոնք պաշտելու աստիճան: Որքա՜ն կը հաւատայինք անոնց պատմութեան, հակառակ անոր որ անոնք կրնային սուտ կամ կեղծ քարոզչութիւն ըլլալ: Այսօր, յուսախաբ, կ՚անդրադառնանք անոնց, որոնք նման էին թրքական վարժարաններուն մէջ դասաւանդուած հակահայ քարոզչութեան, դերերու շրջումի այնքան բարձր աստիճանով, որ թուրք նոր սերունդը հաւատայ թէ՝ 1915-ին հայերը կոտորած էին «խեղճ» թուրքերը:

Վերադառնալով ֆիլմարուեստին, կը նշմարէ՞ք արդեօք շարժանկարներու եւ ձեռքի Այ-փէտներով ֆիլմերու եւ խաղերու տեսականիներու այլազանութիւնները, ուր աներեւակայելի, անհաւատալի, սուտ, կեղծ կամ յերիւրուած պատմութիւններով, շինծու հերոսներով եւ մեքենական քաջարիներու հոյլով, երկրի մը կամ մոլորակի մը փրկիչներով, հեղինակները կը ջանան ժողովուրդը խաբել կամ մոլորեցնել: Այդ տեսաժապաւէնները, ըլլան անոնք պատմական, ընտանեկան, արկածախնդրական կամ այլ, բոլորն ալ խարկուած միտքերու ստեղծագործութիւններ են մեծ մասով, որոնց միակ նպատակը նիւթական, քաղաքական, պատմական եւ այլ քանդիչ նպատակներով խեղաթիւրում եւ հետապնդում է, ժպիտով, վայրագութեամբ կամ երեւակայութեամբ օժտուած:

Փոքր օրինակ մը տալով, ի՞նչ տուեալներու հիման վրայ պէտք է հաւատալ թէ՝ միս ուտելու դադրեցումը կրնայ երկրի մթնոլորտը բարելաւել: Կամ՝ այսինչ մակնիշի դեղորայքը կրնայ կեանքի փրկութեան նպաստել, երբ ժամանակ մը ետք, իրաւաբաններուն դատարանի մէջ բերնի ծամոց կը դառնայ նոյն այդ դեղը:

Նախագահ Ճան Քենէտիի մահէն ետք, կարծէք բոլոր մարդկային, ազնուական արժէքները կործանեցան զանոնք փոխարինելով ստախօսութիւններով, խաբեբայութիւններով եւ խարդախութիւններով առհասարակ պետական եւ բարձր ընկերային հաստատութիւններու եւ ժողովրդային ղեկավարութեան մակարդակներով:

Այն ժամանակ, երբ ամերիկացի ժողովուրդը կ՚ապրէր հանգիստ ու խաղաղ, ընտանիքի մը հօր եկամուտով միայն, այժմ այդ պարագան դարձած է մղձաւանջ համարեա բոլոր ընտանիքներուն մէջ, ուր՝ միայն հօր եւ մօր եկամուտը նոյնիսկ բաւարար չէ յաճախ ընտանիքի բարեկեցիկ ապրուստին համար: Կեանքի ապրելակերպի եւ ապրուստի սղաճը այլեւս կը դառնայ անտանելի:

Ի՞նչ պատճառով, նոյն կառոյցով բնակարան մը Լոս Անճելըսի մէջ պիտի արժէ տասնապատիկը կամ քսանապատիկը մէկ այլ նահանգի մէջ: Բնակարաններու օրինակը առաջնահերթ էր նշելու համար, առանց զանց առնելու տնային պիտոյքներու, ուտեստեղէնի, հագուստեղէնի, ինքնաշարժներու եւ այլ առարկաներու անտանելի սղաճը: Կարծէք… այսօր կ՚ապրինք անիշխան երկրի մը մէջ, ուր «ազատութիւնը» ճամբայ ելած է տրորելու ամէն տեսակի արգելք, մարդկային իրաւունք, օրէնքի նկատողութիւն կամ արդարութիւն: 

Պատճա՞ռը, որովհետեւ ժողովուրդը, կ՚ընկալէ իրեն ներկայացուածը առանց երկբայութեան, առարկութեան կամ ընդդիմութեան, յաճախ աւելի եւս համեմելով զայն:

Այդ պարագաները ստեղծող անհատներն են, որոնք արթուն են միայն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին