Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Զինուորական Ծառայութենէն Խուսափած եւ 27 Տարին Լրացած Անձիք Պիտի Շարունակեն Վճարել Գումարը ու Վերադառնալ Հայաստան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Չծառայած եւ մինչեւ 2019-ի Մարտ 1-ը 27 տարին լրացած անձիք կրնան սահմանուած կարգով վճարել եւ՝ քրէական հետապնդումէ ազատուելով, վերադառնալ Հայաստան:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ՀՀ ազգային ժողովը Մարտ 6-ին երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան «Սահմանուած կարգի խախտումով պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չանցած քաղաքացիներու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծը, որով կ՛առաջարկուէր երկարաձգել օրէնքին ժամկէտը:

Նախագիծին կողմ քուէարկեցին ներկայ բոլոր 122 պատգամաւորները:

Նախքան օրէնքի փոփոխութեան ընդունումը կրնային վճարել եւ Հայաստան վերադառնալ մինչեւ 2017-ի Դեկտեմբեր 1-ը 27 տարին լրացած չծառայած անձինք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին