«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թմրանիւթերու դէմ պայքարի յատուկ գործողութեան շնորհիւ աւելի քան 1.4 թոն քոքային բռնագրաւած Քոսթա Ռիքայի մէջ: Առափնեայ պահպանութեան ուժերու աշխատակիցները երկրի հարաւային ափերուն մօտ կալանած են արագընթաց նաւակ, որ թմրանիւթերու խոշոր խմբաքանակ կը փոխադրէր: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Մարտ 4-ին յայտնած է «EFE» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով կեդրոնամերիկեան հանրապետութեան ՆԳ նախարարութեան յայտարարութիւնը:
Ձերբակալուած են երեք գոլոմպիացիներ, որոնք կ’ուղեկցէին մաքսանենգ բեռը: Քոսթա Ռիքայի իշխանութեան տուեալներով՝ քոքայինի կալանուած խմբաքանակը ամենամեծը դարձած է տարեսկիզբին բռագրաւուածներէն:
Մաքսանենգները յաճախ կը փորձեն Քոսթա Ռիքայի տարածքը եւ ափամերձ ջուրերը օգտագործել Հարաւային Ամերիկայէն թմրանիւթերու խմբաքանակները ԱՄՆ տեղափոխելու համար: Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ անցեալ տարի կեդրոնամերիկեան երկրի իրաւապահ մարմինները կալանած են 33.6 թոն քոքային, ինչպէս նաեւ չարագործներէն առգրաւած են 3.7 մլն տոլար, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը: