«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Անրի Թրուայա (ֆր.՝ Henri Troyat, իսկական անունը՝ Լեւոն Թորոսեան, 1 Նոյեմբեր 1911, Մոսկուա, Ռուսական կայսրութիւն – 2 Մարտ 2007, Փարիզ, Ֆրանսա), ֆրանսահայ անուանի գրող, գրականագէտ։
Ծնած է 1911 թուականին Մոսկուա։ 1918 թուականին ընտանեօք գաղթած է Ռուսիայէն եւ 1920 թուականէն հաստատուած Ֆրանսա։ Ստացած է իրաւաբանական կրթութիւն։
1959 թուականին Թրուայան ընտրուած է ֆրանսական ակադեմիոյ անդամ: Ան «քառասուն անմահներէն» մէկը ըլլալու պատիւին արժանացած առաջին ոչ ֆրանսացի գրողն է։
Ստեղծագործութիւններ
Իր առաջին իսկ վիպակը՝ «Սարդը» (1938), մեծ հռչակ բերաւ Թրուայային, եւ ան արժանացաւ հանրայայտ Գոնկուր մրցանակին։ Թէ՛ այս գործին, թէ՛ հետագայ երկերուն մէջ («Քանի աշխարհը կայ», 1947 ) ան պատկերած է 20-րդ դարասկիզբի Ռուսիոյ պատմաքաղաքական իրավիճակը եւ վտարանդիներու կացութիւնը: «Ապագայի ժառանգութիւնը» (1968 – 1970) եռագրութիւնը նուիրուած է ճորտատիրութեան վերացումին ու նարոտնիկութեան շարժումին։
Թրուայային աւելի մեծ հռչակ բերին «Սգաւոր ձիւնը» (1952, հայերէն՝ 1973) վիպակը եւ «Էգլեթիերներու ընտանիքը» (1965 – 1967, հայերէն՝ 1980) եռագրութիւնը, որոնցմէ առաջինը եւս արժանացած է գրական հեղինակաւոր մրցանակի։