«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հաւանական է, որ Աւստրալիա որդեգրէ Միացեալ Թագաւորութեան՝ Հզպալլա կուսակցութիւնը որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին դասելու որոշումը: Նախքան Մեծն Բրիտանիոյ գործադիր վարչութեան ընդհանուր քատուղար Սաֆիտ Ժաուիտի հետ հանդիպումը, այս մասին լրատուական միջոցներու հետ զրոյցի ժամանակ նշեց Աւստրալիոյ Միութեան արտաքին գործոց նախարար Մարիս Փայն, որ այժմ պաշտօնական այցով կը գտնուի Լոնտոն:
Երկուշաբթի Ժաուիտ յայտարարեց, որ Միացեալ Թագաւորութիւնը որոշում կայացուցած է որպէս ահաբեկչական խմբաւորում բնորոշելու Հզպալլա կուսակցութիւնը, որովհետեւ վերջինս կը շարունակէ ապակայունացնել Միջին Արեւելքի մէջ արդէն իսկ խախուտ իրավիճակը, աւելցնելով, որ իրենք անատակ են տարբերակելու կուսակցութեան ռազմական ու քաղաքական թեւը:
Այս իրադրութեան կիզակէտին Հզպալլա հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ուր խստիւ մերժեց Միացեալ Թագաւորութեան որոշումը՝ ըսելով, որ տուեալ քայլը պարզապէս «ծառայողական հնազանդութիւն» էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, որ Հզպալլան նոյնպէս իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ընդունած էր 1997-ին: