Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Միջազգային Ընտանիքը Նիւթական Օժանդակութիւն Պիտի Տրամադրէ Լիբանանին. Եան Քուպիշ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միջազգային ընտանիքը ըստ կարելւոյն պիտի օժանդակէ Լիբանանին՝ շարք մը արմատական բարեփոխումներ իրականացնելու եւ ելեւմտական կառավարումը բարելաւելու ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան յատուկ համակարգող Եան Քուպիշ:
Ելեւմուտի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ հանդիպումին Քուպիշ քննարկեց 2019 թուականի պետական պիւտճէն, ինչը անձնապէս բնորոշեց որպէս օրէնսդրութեան կարեւորագոյն թղթածրարն ու մասը: Այս մասին կը տեղեկանանք ՄԱԿ-ի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Եան Քուպիշ, որ տուեալ պաշտօնին նշանակուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի կողմէ, շարք մը ոլորտներու մէջ էական բարեփոխումներու ծիրէն ներս յայտնեց ՄԱԿ-ի մտադրութիւնը գործնապէս օժանդակելու Լիբանանին՝ գործակցութեամբ միջազգային կարեւոր կառոյցներու:
Լիբանանի համար տնտեսական ու ելեւմտական բարեփոխումներու ի կատար ածումը նախապայման է 11 միլիառ տոլարի դրամանպաստը ստանալու համար, ինչը միջազգային հանրութիւնը խոստացած էր 2018-ի Ապրիլին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած CEDRE խորհրդաժողովին:


spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին