Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Հայերէնի Գրաւոր Խօսքի Զարգացման Դասընթաց

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փետրուար 26-Մարտ 1, Ստեփանակերտի «Արմատներ» կենսակեդրոնին մէջ («The Roots»), «Կովկասի ինստիտուտ»-ին կողմէ պիտի կազմակերպուի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու ոլորտէն ներս հայերէնի գրաւոր խօսքի ու հասարակական տեղեկատւութեան վերլուծութեան եւ ներկայացման հմտութիւններու զարգացման դասընթաց:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ դասընթացը կը կազմակերպուի Արցախի քաղաքացիական ծառայողներուն համար: Անիկա բաղկացած է երկու մասէ՝ հանրային կապերու ոլորտէն ներս հայերէնի գրաւոր խօսքի ու խմբագրական հմտութիւններու զարգացում եւ հասարակական տեղեկատւութեան վերլուծութիւն ու ներկայացում: Դասընթացի աշխատանքային լեզուներն են հայերէնը եւ ռուսերէնը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին