Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Ճափոնի Կառավարութիւնը Կ’աջակցի Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւնները Կազմակերպող Մարմիններու Կարողութիւններու Զարգացումին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ) մշտական ներկայացուցիչ Տմիթրի Մարիասինը եւ Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուն Եամատան Փետրուար 25-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մէջ ստորագրած են համաձայնագիր՝ պաշտօնապէս յայտարարելով ընտրութիւնները կազմակերպող մարմիններու երկարաժամկէտ կարողութիւններու զարգացումին միտուած ծրագիրի մեկնարկը։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ միաժամանակ ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը եւ պրն․ Մարիասինը ստորագրած են Ճափոնի կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող (մէկ միլիոն ամ. տոլար) եւ ՄԱԶԾ հայաստանեան գրասենեակի կողմէ իրականացուող «Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացներու աջակցութիւն – 2» (ՀԸԳԱ-2) ծրագրային փաստաթուղթը։

Հիմնուելով 2018-ի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն միջազգային հանրութեան (Եւրոպական Միութիւն, Գերմանիա, Միացեալ Թագաւորութիւն եւ Շուէտ) եւ ՀՀ կառավարութեան աջակցութեան վրայ՝ ՀԸԳԱ-2 ծրագիրը նպատակ ունի ամրապնդելու ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կարողութիւնները՝ վերջինիս կառուցուածքին եւ ծրագրաւորման գործընթացներու արդիականացումին, պաշարներու վերակազմակերպութեան, ներքին ընթացակարգերու եւ տեղեկատուական ու հաղորդակցական արհեստագիտութիւններու բարելաւութեան միջոցով։

Ծրագիրը, ի լրումն այլ գործառոյթներու, կ’աջակցի ելեկտրոնային ուսուցումի հարթակի ընդլայնումին, Միջազգային ընտրական արհեստագիտութիւններու համաժողովին միջոցով կը ներկայացնէ Հայաստանի փորձը տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս, կը նպաստէ ընտրական յանձնաժողովներու տեղեկատուական արհեստագիտութեանց եւ այլ կարողութիւններու զարգացումին, ինչպէս նաեւ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի գործունէութեան ռազմավարական ծրագրաւորումին։

ՀԸԳԱ-2-ը պիտի համակարգէ իր գործողութիւնները այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, որոնք աջակցութիւն կը յայտնեն ընտրական գործընթացներուն ծրագիրի ծիրէն դուրս։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին