Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Ռազմական Արտադրութեան Ոլորտին Մէջ Կը Ստեղծուի 200 Նոր Աշխատատեղ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի կառավարութիւնը մաքսային արտօնութիւն տրամադրեց «Արսենալ ԼՏԴ» ընկերութեան՝ գերակայ կարեւորութիւն ներկայացնող ոլորտին մէջ ներածուող սարքաւորումներու, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու, հումքի եւ նիւթերու ներածման համար, կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան նշեց, որ ընկերութեան կողմէ ներածուող ապրանքները պիտի օգտագործուին զէնքի եւ զինամթերքի արտադրութեան մէջ:

Ծրագիրին իրականացման համար պիտի կատարուի 3 միլիառ 26 միլիոն դրամի ներդրում, որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել 200 նոր աշխատատեղեր՝ 250 հազար դրամ միջին աշխատավարձով:

Արտադրանքին ընդհանուր ծաւալը տարեկան պիտի կազմէ 44 միլիառ 400 միլիոն դրամ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին