«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մինաս Կարապետ Աւետիսեան (20 Յուլիս 1928, Ջաջուռ – 23 Փետրուար 1975, Երեւան), հայ նշանաւոր գեղանկարիչ։ 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կերպարուեստի ամենակարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկը։
Ծնած է 1928 թուականի Յուլիս 20-ին Ջաջուռ (այժմ՝ ՀՀ Շիրակի մարզին մէջ)։ Համեմատաբար ուշ սկսած է զբաղիլ գեղանկարչութեամբ։ Պատանի հասակին տարուած է Մարտիրոս Սարեանի արուեստով։ Առաջին անգամ կենդանի նկարիչին հետ ծանօթացած է 18 տարեկանին։ Մինասի գեղարուեստական եւ գեղագիտական զարգացման գործին մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են հայկական մանրանկարչութիւնը եւ իտալական վերածնունդի նկարչութիւնը, որուն հետ ծանօթացած է Լենինկրատի ուսանողական տարիներուն:
Մինասը ստեղծած է հայկական գիւղաշխարհը արտացոլող համադրութիւններ, բնանկարներ, ինչպէս նաեւ դիմանկարներ, որմնանկարներ։ Մինասի ստեղծագործութիւնները իւրայատուկ են իրենց գունային ուժեղ հակադրութիւններով, որոնք կ’արտայայտեն լուսաւոր, քնարական տրամադրութիւններ, երբեմն՝ ողբերգական շեշտերով։ Իր ուժերը փորձած է նկարչութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ գեղանկարչութիւն, գծանկարչութիւն, որմնանկարչութիւն, բեմանկարչութիւն եւն.։ Յայտնի նկարներէն մի քանին կապուած են հայ ժողովուրդի անցեալին, յատկապես 1915 թուականի հայկական ջարդերուն, որոնցմէ մազապուրծ եղած են նաեւ նկարիչի ծնողները։ Այդ ժամանակաշրջանին կը պատկանին 1965-67 թուականներու ստեղծուած «Ճանապարհ. ծնողներիս յիշողութիւնները», «Տէր-Զօրի ճանապարհին» (1964) կտաւները։ Մինասի հասուն ստեղծագործական կեանքը տեւած է 15 տարի՝ 1960–1975, որուն ընթացքին նկարիչը ստեղծած է մօտ հինգ հարիւր մեծ ու փոքր կտաւ, մօտաւորապէս նոյնքան գծանկար, քսան մեծածաւալ որմնանկար, մէկ տասնեակէ աւելի պալէտային եւ թատերական ձեւաւորումներ։
1975 Փետրուար 16-ին Մինաս Երեւանի մէջ կ’ենթարկուի ինքնաշարժի արկածի։ Կը մահանայ մէկ շաբաթ ետք՝ Փետրուար 23-ին։