Ալեքսանտր Գոդդի «Սպիտակ» ֆիլմը արժանացած է դերասան Վիաչեսլաւ Թիխոնովի անուան «17 ակնթարթ…» III միջազգային փառատօնի գլխաւոր մրցանակին: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, յայտնած են Փետրուար 6-10 Մոսկուայի մէջ կայացած շարժանկարի կազմակերպիչները:
«Վիաչիսլաւ Թիխոնովի անուան «17 ակնթարթ…» երրորդ միջազգային փառատօնին՝ «Աշխարհի մէկ մասնիկը» եւ «Սպիտակ» ֆիլմերը ճանչցուած են լաւագոյնը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ալեքսանտր Գոդդի ֆիլմը լաւագոյնը ճանչցուած է նաեւ «լաւագոյն բեմադրիչ» եւ «լաւագոյն երաժշտահան» անուանակարգերուն մէջ: «Սպիտակ» ֆիլմին երաժշտութեան հեղինակը Սերժ Թանկեանն է:
Նշենք, որ «Սպիտակ» ֆիլմը կը պատմէ 1988 Դեկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին մասին, որ խլեց 25 հազար կեանք եւ անօթեւան ձգեց աւելի քան կէս միլիոն հոգի: Ֆիլմին մէջ նկարահանուած են դերասաններ՝ Լեռնիկ Յարութիւնեանը, Հերմինէ Ստեփանեանը, Ալեքսանդր Փոլիթիքը եւ ուրիշներ: