Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Հայաստանի Զինուած Ուժերը Համալրուած Են Հայկական Արմի-55մ Անօդաչու Թռչող Սարքերով

Հայաստանի Զինուած ուժերը համալրուած են հայրենական անօդաչու թռչող սարքերու նոր խմբաքանակով:

Ըստ NEWS.am-ի` օրերս սկսած է առաջնագիծի զօրամասերու համալրումը հայրենական արտադրութեան կատարելագործուած Արմի-55մ անօդաչու թռչող սարքերով:

Արդիականացուած թռչող սարքը ունի թռիչքային եւ հետախուզական լայն հնարաւորութիւններ: Սարքի վրայ գտնուող համակարգերը կառուցուած են տարրերու նորագոյն հիմքի հիման վրայ եւ կը ներառեն` ցածրաղմուկ շարժիչ, հզօր processor, GPS ընդունիչներ, անշարժ navigation համակարգ, հեռաչափման տուեալներու մշակման համակարգ․․․  արագութիւնը կը կազմէ 100-130 քիլոմեթր ժամ, իսկ թռիչքի առաւելագոյն ժամանակը` մինչեւ 4 ժամ: Այսինքն` մէկ թռիչքի համար անօդաչու սարքը կրնայ կտրել 400-500 քիլոմեթր: Թռիչքը կրնայ կառավարուիլ նաեւ ինքնաշխատ կարգով` ըստ նշակէտերու:

АРМИ-55М-ը կը փոխարինէ նախորդը, որ լաւ դրսեւորած էր իրեն թէ՛ քարտէսագրական եւ թէ՛ հետախուզական նպատակներու համար: Ներկայիս բուռն աշխատանքներ կը տարուին բարելաւելու համար նոր սերունդի անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք թռիչքային-տեխնիկական բնութագիրներով ոչնչով կը զիջին արտասահմանեան արտադրութեան յայտնի մշակումներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին