«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հինգշաբթի, 7 Փետրուար 2019-ին, Լիբանանի Ընկերային Հարցերու նախարար Տոքթ. Ռիշար Գույումճեան այցելեց Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնատեղին, ընկերակցութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութեան մը: Նախարարը ընդունուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան կողմէ: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ պատուելի Սելիմ Սապունճի:
Վեր.Գարակէօզեան բարի գալուստ մաղթեց Տոքթ. Գույումճեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր իր հայրենանուէր եւ ժողովրդանուէր ինչպէս նաեւ լիբանանեան հայրենիքի ծառայութեան սրբազան առաքելութեան մէջ:
Տոքթ. Գույումճեան յայտնեց, որ հակառակ ֆինանսական դժուարութիւններու՝ նախարարութիւնը պիտի վարէ արդիւնաւէտ ձեւով եւ օգտակար պիտի դառնայ հայ համայնքին: Ան անդրադարձաւ նաեւ երկրի դիմագրաւած տնտեսական մարտահրաւէրներուն ու յոյս յայտնեց, որ այս կառավարութեան կը տրուի առիթը գործելու համար արդիւնաւէտ ձեւով:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան