Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Ապրիլ 24-ի Վերաբերեալ Մաքրոնի Յայտարարութեան Արձագանգած Է Նաեւ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու վերաբերեալ նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յայտարարութեան արձագանգած է նաեւ Թուրքիոյ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Համի Աքսոյը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Diken» պարբերականը:

Աքսոյը Մաքրոնի որոշումը համարած է ընտրութիւններու ժամանակ հայ ընտրողներու քուէները ստանալուն միտուած քայլ:

Թուրքիոյ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը միւս թուրք պետական գործիչներուն նման հաւատարիմ մնալով թրքական ժխտողական քաղաքականութեան՝ Մաքրոնի քայլը որակած է որպէս յանուն անձնական եւ քաղաքական շահի կատարուած միակողմանի քայլ:

Էմանուել Մաքրոնի յայտարարութեան Փետրուար 6-ին անդրադարձած էր նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին