Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Կառավարութեան Վարելիք Քաղաքականութեան Յայտարարութեան Նախագիծը Կ’ընդգրկէ ՍԵՏՐ Խորհրդաժողովին Պահանջուած Բարեփոխումները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի շարք մը նախարարներ համաձայնեցան, որ նորակազմ նախարարաց խորհուրդը ընդունի կառավարութեան վարելիք քաղաքականութեան յայտարարութեան նախագիծը, ինչը կ’ընդգրկէ տնտեսական եւ ելեւմտական հիմնական բարեփոխումներ:
Անցնող Ապրիլին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած ՍԵՏՐ խորհրդաժողովին միջազգային հանրութիւնն ու ելեւմտական կառոյցները խոստացան դրամանպաստ տրամադրել փրկելու համար Լիբանանի տնտեսութիւնը եւ ենթակառուցուածքները՝ շարք մը բարեփոխումներ իրականացնելու պայմանով:
Յայտարարութեան նախագիծին մէջ նախարարները համաձայնեցան տնտեսական եւ դրամավարկային քաղաքականութեան բարփոխումներ իրականացնել, ներառեալ տնտեսութեան ծաւալը ընդլայնել եւ պիւտճէի պակասորդը նուազեցնել:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին