Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Թուրքիան Արձագանգած է Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ազգային Օր Նշելու Մասին Մաքրոնի Յայտարարութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր նշուելու մասին յայտարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով AA-ը։

«Խստօրէն կը դատապարտենք Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնը, առ այն որ Ապրիլ 24-ը, այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր պիտի նշուի: Այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները քաղաքական սուտ են, որոնք ոչ մէկ իրաւական հիմք ունին եւ կը հակասեն պատմական ճշմարտութիւններուն»,- ըսած է Էրտողանի խօսնակը:

Քալըն կրկին ներկայացուցած է պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով հիմնելու Էրտողանի առաջարկները՝ անոնցմէ հրաժարողները մեղադրելով պատմական դէպքերը շահարկելու փորձի մէջ:

Քալըն շեշտած է, որ հնարաւորթիւն պիտի չտան անոնց, որոնք կը փորձեն անցեալը նենգափոխելով պատմութենէն ոխ, ատելութիւն եւ թշնամութիւն բխեցնել:

Շարունակելով միտքը՝ Քալըն, մասնաւորապէս, ըսած է,- «Ոչ ոք կրնայ Թուրքիան մեղադրել իր չկատարած յանցանքին մէջ եւ բիծ ձգել մեր պատմութեան վրայ: Կը քննադատենք ու կը մերժենք իր երկրին մէջ քաղաքական խնդիրներ ունեցող պրն. Մաքրոնի կողմէ իրավիճակը փրկելու նպատակով պատմական իրադարձութիւնները քաղաքական ապրանք դարձնելը:

Տառապանքները մրցակցութեան մէջ դնելը եւ քաղաքական թեմա դարձնելը քաղաքական եւ բարոյական ստորութիւն է: Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ դրական նպատակ ունեցող ամէն տեսակ ջանքերուն, որոնք կը կատարուին Առաջին Համաշխարհային  Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած դէպքերը համատեղ ցաւի եւ արդար յիշողութեան մօտեցումով վեր հանելուն»:

Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր ունենալու որոշման մասին Մաքրոն գրած է նաեւ Twitter-ի իր էջին վրայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին