«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Ռուպիքոն» խմբաւորումէն յոյն անիշխանականները գրաւած են յունա-թրքական առեւտրական պալատի շէնքը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտարարութիւն հրապարակուած է անիշխանական կազմակերպութեան էջին վրայ:
Ցոյցը տեղի ունեցած է ի նշան քիւրտերու հետ համերաշխութեան, որոնք կը պահանջեն դադրեցնել իրենց առաջնորդ Ապտուլլա Օճալանի մեկուսացումը: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ ցոյցին կը մասնակցին նաեւ քիւրտեր: «Համերաշխութիւն քիւրտերուն հետ, որոնք հացադուլ յայտարարած են Օճալանի մեկուսացումը դադրեցնելու պահանջով»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ: Քիւրտերու առաջնորդը 1999 թուականէն ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է թրքական բանտի մէջ, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն: