«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նախարարական յանձնաժողովի 2-րդ նիստը՝ նորակազմ կառավարութեան վարելիք քաղաքականութեան մասին յայտարարութիւնը ամբողջացնելու համար:
Ըստ տեղական լրատուամիջոցներու՝ շաբաթավերջին կազմուած սոյն յանձնաժողովին անդամ 10 նախարարները պիտի քննարկեն Ռուսիոյ Դաշնութեան՝ 2018-ի Յուլիսին գաղթականներու տունդարձը իրականացնելու նպատակով յառաջադրած նախաձեռնութիւնը վերստին կեանքի կոչելու հնարաւորութիւնը՝ այս մէկը ընդրգկելով կառավարութեան քաղաքականութեան յայտարարութեան մէջ:
Նորակազմ կառավարութեան վարելիք քաղաքականութեան մասին յայտարարութիւնը պիտի ընդգծէ շարք մը խնդիրներ՝ Հըզպալլայի զինանոցը, Սուրիոյ Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն պահանջով, աւելի քան 1 միլիոն սուրիացի գաղթականներու ապագան եւ ՍԻՏԸՐ խորհրդաժողովին կողմէ պահանջուած բարեփոխումները՝ փրկելու համար երկրի տնտեսական վատթար վիճակը: