«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօն յայտարարած է, որ Փետրուար 5-ին հանրապետութեան մէջ ստորագրահաւաք կը սկսի ԱՄՆ-ի ռազմական միջամտութեան դէմ: Համապատասխան յայտարարութիւնը ան կատարած է Փետրուար 4-ին Արակուա նահանգին մէջ կայացած զօրահանդէսին, որ նուիրուած էր Ուկօ Չաւեսի գլխաւորութեամբ խումբ մը զինծառայողներու ձեռնարկած յեղաշրջումի փորձի 27-րդ տարեդարձին:
«Ես կոչ կ’ընեմ Վենեզուելայի ժողովուրդին՝ միասին հանդէս գալու ԱՄՆ-ի կառավարութեան կողմէ ռազմական ուժի կիրարկումի սպառնալիքներուն դէմ: Չորեքշաբթի օրուընէ երկրի ամբողջ տարածքին ստորագրութիւններ կը հաւաքուին, որոնք կը յանձնուին Սպիտակ տան, որպէսզի մերժուին այդ սպառնալիքները: Ես կը յորդորեմ Վենեզուելայի ժողովուրդին, որ ստորագրեն այդ փաստաթուղթը»,- ըսած է Մատուրօն: Իր ելոյթը հեռարձակուած է Twitter-ի վրայ:
Վենեզուելայի առաջնորդին խօսքով՝ ստորագրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ Սիմոն Պոլիվարի իւրաքանչիւր հրապարակին վրայ, իւրաքանչիւր զօրանոցի, իւրաքանչիւր դպրոցի եւ իւրաքանչիւր գործարանի մէջ»: «Մենք ամերիկեան միջամտութիւն չենք ցանկար, մենք կը ցանկանք խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ու անկախութիւն, խաղաղութիւն ու արժանապատուութիւն, խաղաղութիւն ու ազգային ինքնիշխանութիւն, խաղաղութիւն ու ժողովրդավարութիւն՝ ազատութեան հետ միասին»,- յաւելած է Մատուրօն:
Փետրուար 3-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ չի բացառեր Վենեզուելայի մէջ ամերիկեան զինուած ուժերու գործադրումի հնարաւորութիւնը, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը: