Յարգելի Սեւակ Յակոբեան.
Ձեզի բեղուն գործունէութիւն միաժամանակ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, Ձեր տածած խորին յարգանքի եւ գնահատանքի համար՝ առ ի երկարամեայ մանկավարժ-ուսուցչուհի, Օրիորդ Անժէլ Ճանճանեանի յիշատակին: Որուն ցայտուն արտայայտութիւնն էր Ձեր՝ սիրով եւ ակնածանքով պատրաստած «Զարթօնք»ի յաւելուածը:
Երա՜նի թէ բազմաթիւ ըլլային ուսուցիչներու դժուարին աշխատանքը արժեւորողներն ու յարգողները:
Դժբախտաբար, մեր օրերուն այդ զգացումները նահանջած են աշակերտներու մեծամասնութեան եւ որոշ ղեկավարներու սիրտերէն (իբրեւ նախկին հայերէնի ուսուցչուհի սրտացաւօրէն կը գրեմ այս տողերը):
Մեծ գնահատանք Ձեր աշխատանքին:
Յարգանքներով՝
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Եգիպտոս