«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Գաբրիէլ» ձիւնամրրիկը, որ անցած է Ֆրանսայով, առանց լոյսի ձգած է 41 հազար տնային տնտեսութիւն: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է ֆրանսական «Enedis» ելեկտրամատակարարումի ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Ֆրանսայով անցած «Գաբրիէլ» ձիւնամրրիկին պատճառով, ժամը 09:00-ի տուեալներով, առանց ելեկտրականութեան մնացած է 41 հազար տնային տնտեսութիւն: Տուժած շրջաններուն մէջ ելեկտրամատակարարումի գրեթէ ամբողջական վերականգնումը կը սպասուի մինչեւ երեկոյ»,-ըսուած է ընկերութեան` Twitter ցանցին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ: «Գաբրիէլ»-ը Ֆրանսայի մէջ մոլեգնած է լոյս Յունուար 30-ի գիշերը: Փոթորիկը ուղեկցուած է ուժեղ քամիով, որուն պոռթկումներուն արագութիւնը առանձին շրջաններու մէջ գերազանցած է 110 քիլոմեթր/ժամ նշագիծը: Ձիւնի ծածկոյթի հաստութիւնը տեղ-տեղ հասած է 10 սանթիմեթրի:
Ֆրանսական «Meteo France» օդերեւութաբանական ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ «Գաբրիէլ»-ը հեռացած է երկրէն՝ ուղղուելով դէպի Գերմանիա, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն: