Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Լիբանան Յայտարարեց Նոր Կառավարութեան Կազմաւորումը Աւելի Քան 8-ամսեայ Փակուղիէ Ետք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ՝ 31 Յունուար 2019-ի երեկոյեան մօտաւորապէս ժամը 8-ին աւելի քան 8-ամսեայ փակուղիէ ետք պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ կազմաւորումը այնքան սպասուած կառավարութեան: Նախարարաց խորհուրդի անդամաթիւը սահմանուեցաւ 30՝ Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին վերանշանակուելով Սաատ Հարիրին:
Ազգային ազատ հոսանք շարժումի առաջնորդ Ժպրան Պասիլ նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար, Ազգային ազատ հոսանքէն Էլիաս Պու Սաապ՝ պաշտպանութեան նախարար, հըզպալլայամէտ Ժամիլ Ժապաք՝ առողջապահութեան նախարար, Մուսթաքպալ շարժումէն Ռայա Ալ Հասան՝ ներքին գործոց նախարար, Ամալ շարժումէն Ալի Հասան Խալիլ՝ ելեւմտական նախարար:
Մասնաւորաբար նշենք, թէ ցարդ Ռայա Ալ Հասան Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին կինն է որ նշանակուեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնին:
Կառավարութեան կազմաւորման յայտարարութենէն ետք տուած հանդիսաւոր ուղերձին մէջ Հարիրի հաւաստեց, որ երկրի տնտեսական գոյավիճակի բարելաւումը առաջնային պիտի ըլլայ նորակազմ կառավարութեան համար:
Վերանշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի իր խօսքին մէջ ներողամտութիւն հայցեց Լիբանանի ժողովուրդէն նոր կառավարութեան կազմաւորման երկարատեւ յետաձգումին համար՝ ապահովապէս խոստանալով անյապաղ քայլերու ձեռնարկել տնտեսական եւ ելեւմտական անհրաժեշտ բարեփոխումներ իրականացնելու համար:
«Նախարարներուն միջեւ գործակցութիւնը հրամայական է նորակազմ կառավարութեան յաջողութեան համար»,- լրագրողներուն ըսաւ վարչապետ Հարիրի:
Ի միջի այլոց, Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը ջերմօրէն շնորհաւորեց երկրի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը այս ուրախալի լուրին առթիւ:
«Մենք կ’ողջունենք նոր կառավարութեան կազմաւորումը եւ յոյս կը յայտնենք, որ ան լիովին կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները միջազգային գետնի վրայ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բաւարարելու ժողովուրդին կարիքները»,- ըսուած է դեսպանութեան յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին